Հայաստանի պասքեթպոլի հաւաքականը երէկ յայտարարեց խումբ հրաւիրուած մարզիկներուն անունները, որոնք պէտք է նախապատրաստուին 24 նոյեմբերին տեղի ունենալիք աշխարհի ախոյեանութեան զտումի գծով Աւստրալիոյ դէմ մրցումին:
Ստորեւ` 14 մարզիկներուն անուանացանկը.
Անտրէ Սփայթ Մկրտչեան, Դանիէլ Կիրակոսեան, Դանիէլ Գէորգեան, Տիգրան Մկրտումեան, Ալեքսի Չիժենոք, Եուրա Մելիքեան, Քրիս Ճոնզ, Զաք Տաւիտեան, Կապրիէլ Աճէմեան, Արտեոմ Թաւաքալեան, Ալպերթ Թադեւոսեան, Արկադի Մկրտչեան, Քրիսթիան Վիթալ եւ Կարէն Մելիքեան:
Երկար բացակայութենէ ետք ազգային խումբ վերադարձած է Արտեոմ Թաւաքալեան, որ 2016-էն 2017 տարիներուն մաս կազմած էր ազգային խումբին:
Առաջին անգամ ըլլալով խումբին մաս պիտի կազմէ նաեւ Դանիէլ Գէորգեան, որ վերջին տարիներուն շատ լաւ արդիւնք կը ցուցաբերէ Երեւանի Ուրարտու խումբին հետ:
Ազգային խումբի նորեկներէն մէկն է նաեւ Դանիէլ Կիրակոսեան: 19 տարեկան Կիրակոսեան ամրան երիտասարդներու ազգային խումբին հետ զտումի մրցումներ կատարած եւ փայլած էր, ապա օգոստոսին մասնակցեցաւ Ապու Տապիի մէջ տեղի ունեցած միջազգային մրցաշարքին:
Առաջին անգամ ըլլալով հրաւիրուած է նաեւ Հայաստանի 16 եւ 18 տարեկանէն վար ազգային խումբի նախկին մարզիկ Ալեքսի Չիժենոք, որ այժմ կը խաղայ Ռուսիոյ «Սուփըրլիկ»-ին մէջ:
Ամերիկացի Քրիսթիան Վեթալ, որ այս տարի ստացած էր Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն, առաջին անգամ ըլլալով պիտի ներկայացնէ Հայաստանը: Ան իտալական Թորթոնա ակումբի մարզիկ է: Բայց նկատի ունենալով, որ Քրիս Ճոնզն ալ ուշ ստացած է քաղաքացիութիւն, ըստ ՖԻՊԱ-ի օրէնքին միայն 1 մարզիկ այս զոյգէն կրնայ դաշտ ներկայանալ:
Գէորգի Ղազանչեանի գլխաւորութեամբ Հայաստանի հաւաքականը երէկ սկսաւ ուսումնամարզական հաւաքը, որ տեղի կ՛ունենայ «Օլիմփաւան»-ի մէջ:
Մարզչական խմբակին մաս կը կազմեն նաեւ Արեգ Վաթեան եւ Միքայէլ Պօղոսեան:


