Մանչեսթըր Եունայթըտի նախկին մարզիչ Էրիք Թեն Հակով հետաքրքրուած է Իտալիոյ մայրաքաղաքի Ա. Էս. Ռոմա խումբը:
Իվան Եուրիչի պաշտօնանկ ըլլալէն ետք Ռոմա նոր մարզիչի փնտռտուքի մէջ է, եւ հաւանական է, որ թիւ 1 թեկնածուն ըլլայ Էրիք Թեն Հակ:
Աւելի կանուխ կը հաղորդուէր, որ Ռոման պիտի գլխաւորէ Ռոպերթօ Մանչինին, սակայն ըստ երեւոյթին համաձայնութիւն չէ կնքուած երկու կողմերուն միջեւ, եւ այժմ թեկնածուն նետերլանտցի Թեն Հակն է:


