Ալպանիոյ մայրաքաղաք Թիանայի մէջ թայքուանտոյի Եւրոպայի պատանիներու ախոյեանութիւնը տգեղ երեւոյթով մը փակուեցաւ քանի մը օր առաջ:
Արդարեւ, քոսովոցի 8 տարեկան Վալինա Ֆեթիու, որ կը մրցէր սերպ Նինա Սաւիչի դէմ, պարտութիւն կրած էր: Վալինայի մարզիչը, որ իր հայրն է, զայրացած է եւ փոխանակ իր աղջնակին արցունքներուն դիմաց կակուղնալու, զայն ապտակած էր` զարմացնելով բոլորը…
Հայրը ըսած է, որ ապտակած էր «միայն երեխային հանգստացնելու համար», մինչ Եւրոպայի թայքուանտոյի ֆետերասիոնը 6 ամիսով «հանգստացուցած էր» ոչ օրինակելի հայր/մարզիչը` զայն կախակայելով: