Հայաստանը ներկայացնող ճատրակի ներկայացուցիչներ կը շարունակեն իրենց յաջող ելոյթները Մոնթենեկրոյի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի անհատական ախոյեանութեան ծիրին մէջ:
5-րդ խաղափուլէն ետք, Ռոպերթ Յովհաննէսեան, Շանթ Սարգսեան, Գաբրիէլ Սարգսեան եւ Մանուէլ Պետրոսեան ունին 4-ական կէտ` կէս կէտով ետ մնալով 4 այլ վարպետներէ, որոնք կը գրաւեն առաջին դիրքը:
Նշենք, որ 11 խաղափուլէ կազմուած այս մրցաշարքը կ՛աւարտի 19 նոյեմբերին:


