Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» «Էմիրէյթց Էն. Պի. Էյ. Քափ»-ը Սկսաւ

November 14, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Էն. Պի. Էյ.»-ի բնական տարեշրջանին զուգահեռ «Ին սիզըն» մրցաշարքը, որ սկսած էր անցեալ տարեշրջանին, այս տարի կը կոչուի «Էմիրէյթց Էն. Պի. Էյ. Քափ»:

Արեւելեան եւ Արեւմտեան շրջաններու խումբերը բաժնուած են երեքական խմբակներու: Արեւելեան շրջանի առաջին խմբակին մաս կը կազմեն Նիւ Եորք Նիքս, Օրլանտօ Մեճիք, Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ, Պրուքլին Նեթց եւ Չարլոթ Հորնեթց, Բ. խմբակին մաս կը կազմեն Միլուոքի Պաքս, Ինտիանա Փէյսըրզ, Մայեմի Հիթ, Թորոնթօ Ռեփթըրզ եւ Տիթրոյիթ Փիսթընզ, իսկ Գ. խմբակին` Պոսթըն Սելթիքս, Քլիվլենտ Քեվելիրզ, Աթլանթա Հոքս, Շիքակօ Պուլզ եւ Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ Արեւմտեան շրջանին մէջ, Ա. խմբակին մաս կը կազմեն Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ, Լոս Անճելըս Քլիփըրզ, Սաքրամենթօ Քինկզ, Հիուսթըն Ռոքեթց եւ Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ, Բ. խմբակին` Օքլահոմա Սիթի Թանտըր, Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, Ֆինիքս Սանզ, Սան Անթոնիօ Սփըրզ եւ Եութա Ճեզ, իսկ Գ. խմբակին` Տենվըր Նակեթց, Տալաս Մեւրիքս, Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ, Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ եւ Մեմֆիս Կրիզլիզ:

Երէկ սկսան մրցումները, որոնց ընթացքին ախոյեան Պոսթըն Սելթիքս 15 կէտի առաւելութիւն ունենալէ ետք Աթլանթա Հոքսի դէմ մրցումին 117-116 արդիւնքով անակնկալ պարտութիւն մը կրեց:

Նոյնիսկ առանց իր աստղին` Թրէյ Եանկի, Աթլանթա շատ լաւ ելոյթ ունեցաւ մանաւանդ մրցումի վերջին մասին, ուր Ճէյլըն Ճոնսըն 18 կէտ, 13 ռիպաունտ եւ 10 էսիսթ կատարելով թրիփըլ տապըլ իրագործեց: Ճէյլըն Պրաուն 37 կէտ նշանակեց ի նպաստ Սելթիքսի, բայց տարեշրջանի 3-րդ պարտութիւնը կրեց:

Ժոել Էմպիիտ վերադարձաւ եւ Փոլ Ճորճի հետ առաջին մրցումը ունեցաւ Ֆիլատելֆիա 76-ըրզի հետ, սակայն Նիւ Եորք Նիքս ինք յաղթեց ճակատումին 111-99 արդիւնքով:

Քարլ Անթոնի Թաունզ 21 կէտ եւ 13 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Նիքսի, մինչ Փոլ Ճորճ 29 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Ֆիլատելֆիայի, որ կրեց իր 8-րդ պարտութիւնը:

Հետաքրքրական մրցում էր Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ Կոլտըն Սթէյթ – Տալաս մրցումը, ուր Քլէյ Թոմփսըն իր նախկին խումբին դէմ առաջին ելոյթին պարտուած դուրս եկաւ:

Սթեֆ Քըրրի 37 կէտ նշանակեց ի նպաստ Ուորիըրզի, որ 120-117 արդիւնքով յաղթեց Տալասին: Լուքա Տոնչիչ 31 կէտ նշանակեց, մինչ Քայրի Ըրվինկ (21 կէտ) եւ Թոմփսըն (22 կէտ) իրենց կարելին ըրին, սակայն իրենց ըրածը բաւարար չէր:

Օրուան առաւելագոյն կէտերը նշանակեց Թայլըր Հերրօ (40 կէտ) ի նպաստ Մայեմի Հիթի, որ սակայն 123-121 արդիւնքով (յետ երկարաձգման) պարտութիւն մը կրեց Տիթրոյիթէն, տեղւոյն Փիսթընզի դիմաց:

Ստորեւ` մրցումներուն արդիւնքները.

Օրլանտօ Մեճիք – Չարլոթ Հորնեթց 114-89
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Մայեմի Հիթ 121-123
Պոսթըն Սելթիքս – Աթլանթա Հոքս 116-117
Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ – Նիւ Եորք Նիքս 99-111
Միլուոքի Պաքս – Թորոնթօ Ռեփթըրզ 99-85
Եութա Ճեզ – Ֆինիքս Սանզ 112-120
Փորթլենթ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ 122-108
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Տալաս Մեւրիքս 120-117

 

Նախորդը

Հայաստանի Իշխանութիւններուն Լռութիւնը

Յաջորդը

Բռնցքամարտ. Մայք Թայսըն – Ճէյք Փոլ Մրցումը` Վաղը Գիշեր

RelatedPosts

Նշմար.  Արգիշտի Պետրոսեան` Օրինակելի Մարզիկը
Մարզական

Նշմար. Արգիշտի Պետրոսեան` Օրինակելի Մարզիկը

October 2, 2026
Դ. Դասակարգի Տիտղոսին Համար.  Այս Կիրակի` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Շապապ Պըրժ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Տիտղոսին Համար. Այս Կիրակի` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Շապապ Պըրժ

October 2, 2026
Ուասլ.  Ռիատի Իր 3-րդ Մրցումն Ալ Յաղթեց
Մարզական

Ուասլ. Ռիատի Իր 3-րդ Մրցումն Ալ Յաղթեց

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.