Քլիվլենտ Քեվելիրզ կը շարունակէ այս տարեշրջանի իր յաջող ընթացքը, եւ երէկ Ֆիլատելֆիոյ մէջ 13-րդ յաջորդական յաղթանակը արձանագրեց` դառնալով մէկը այն 6 պատմական խումբերէն, որոնք լաւ ձեւով սկսած էին իրենց տարեշրջանը:
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 2015-2016 տարեշրջանին 24 յաջորդական յաղթանակ արձանագրած էր մրցանիշ հաստատելով: 1993-1994 տարեշրջանին Հիուսթըն (15 մրցում), 1948-1949 տարեշրջանին Ուաշինկթըն Քափիթըլզ (15), 2002-2003 տարեշրջանին Տալաս Մեւրիքս (14) եւ 1957-1958 տարեշրջանին Պոսթըն Սելթիքս (14) միայն աւելի լաւ ձեւով սկսած են տարեշրջանը:
Հակառակ այս յաջողութեան, մարզիկները շատ պարզի կ՛առնեն վիճակը: «Մենք լաւ ենք, սակայն տակաւին նոյեմբեր ամիսն ենք: Եկէք հանգիստ մնանք, ըսել կ՛ուզեմ` տակաւին նոյեմբեր ամիսն ենք եւ ախոյեանութիւն պիտի չշահինք հիմա: Բայց ասոնք լաւ փորձառութիւններ են մեզի համար», ըսաւ խումբին աստղերէն Տոնավըն Միչել: «82 մրցում ունինք կատարելիք, տակաւին 13 մրցում կատարած ենք: Լաւ բաներ են այս յաղթանակները, բայց կրնանք աւելի լաւ ըլլալ, հակառակ անոր որ անյաղթ ենք տակաւին», ըսաւ Տարիըս Կարլենտ:
Ֆիլատելֆիա 8 կէտով կը յաղթէր, բայց Միշել եւ ընկերներ ոչ միայն հաւասարեցան, այլ 10 կէտով հեռացան ալ: Մանաւանդ վերջին 3 վայրկեաններուն Միշել իր 23 կէտերէն 11-ը կրցաւ նշանակել` ձեռք ձգելով նաեւ 13 ռիպաունտ եւ 9 էսիսթ: Կարլենտ 25 կէտ աւելցուց ի նպաստ Քլիվլենտի, մինչ սենթըր Ճերըթ Էլըն 11 կէտ եւ 12 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:
Կը սպասէր, որ Փոլ Ճորճ – Ժոել Էմպիիտ զոյգը առաջին անգամ ըլլալով Ֆիլատելֆիոյ մէջ դաշտ ներկայանար, սակայն երկուքն ալ անհանգիստ ըլլալով չխաղցան: Ճերըտ Մաքէյն 34 կէտ եւ 10 էսիսթ կատարեց ի նպաստ Ֆիլատելֆիոյ:
Սան Անթոնիօ իր դաշտին վրայ` Թեքսասի մէջ պէտք ունեցաւ ֆրանսացի Վիքթոր Ուեմպենեամայի հերոսութիւններուն` յաղթելու Ուաշինկթըն Ուիզըրտծի 139-130 արդիւնքով: 20 տարեկան 314 օր «Ուեմպի» դարձաւ 4-րդ ամէնէն երիտասարդ մարզիկը, որ «Էն. Պի. Էյ.»-ի մէջ 50 կէտ կը նշանակէ: Պրենտըն Ճենինկզ (20 տարեկան եւ 52 օր), Լըպրոն Ճէյմս (20 տարեկան եւ 80 օր) եւ Տեւըն Պուքըր (20 տարեկան 145 օր) աւելի երիտասարդ էին, երբ 50 կէտի սահմանը հասան:
Սակայն «Ուեմպի» դարձաւ «Էն. Պի. Էյ.»ի պատմութեան միակ մարզիկը, որ 6 մրցումներու ընթացքին 20 հատ յաջող 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց եւ 25 պլոք կատարեց:
Սակայն երէկուան ամէնէն աւելի կէտ նշանակող մարզիկը չէր «Ուեմպի»-ն, որովհետեւ Միլուոքիի մէջ յոյն «հսկան»` Եանիս Անթեթոքումփօ 59 կէտ նշանակեց 14 ռիպաունտ ձեռք ձգելով:
Անցեալ տարիներուն բաղդատմամբ քիչ մը դանդաղ սկսած Միլուոքի իր 12-րդ մրցումին միայն 4-րդ յաղթանակը արձանագրեց Տիթրոյիթ Փիսթընզի դէմ, այդ ալ յետ երկարաձգման` 127-120 արդիւնքով:
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ իր դաշտին վրայ 128-123 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Մեմֆիս Կրիզլիզը: Լըպրոն Ճէյմս թրիփըլ տապըլ իրագործեց` նշանակելով 35 կէտ, 12 ռիպաունտ եւ կատարելով 14 էսիսթ:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Օրլանտօ Մեճիք – Ինտիանա Փէյսըրզ 94-90
Օքլահոմա Սիթի Թանտըր – Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ 106-88
Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ – Քլիվլենտ Քեվելիրզ 106-114
Նիւ Եորք Նիքս – Շիքակօ Պուլզ 123-124
Պրոքլին Նեթց – Պոսթըն Սելթիքս 114-139
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 139-130
Միլուոքի Պաքս – Տիթրոյիթ Փիսթընզ 127-120
Հիուսթըն Ռոքեթց – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 111-103
Սաքրամենթօ Քինկզ – Ֆինիքս Սանզ 127-104
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ 106-98
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ 128-123