Ռէալ Մատրիտի եւ Պարսելոնայի պատմութիւն կերտած մարզիկները յառաջիկայ ամիս պիտի մրցին Թոքիոյի մէջ տեղի ունենալիք վեթերաններու «Քլասիքօ»-ին:
Հանդիպումը տեղի կ՛ունենայ 15 դեկտեմբերին, Թոքիոյի «Աճինոմոթօ» դաշտին վրայ:
Առաջին անգամ երկու խումբերու նախկին աստղերը մրցած էին 2017-ին, երբ Պարսելոնա յաղթած էր 3-2 արդիւնքով: 2021-ին Ռէալ Մատրիտ նոյն արդիւնքով յաղթած էր:
Պարսելոնայի խումբին մաս պիտի կազմեն Չաւին, Ինիեսթան, Ռաֆայէլ Մարքեսը, Խաւիէ Մասքերանոն, Ռիվալտոն, Պոյան Քրքիչը, Խաւիէ Սաւիոլան, Լիւտովիք Ճիւլին, Ատրիանոն, Մենտիեդան եւ շարք մը այլ ֆութպոլիստներ:
Ռէալ Մատրիտի հին աստղերու կարգին են Ռոպերթօ Քարլոս, Լուիս Ֆիկօ, Իքեր Քասիյաս, Սթիւ Մաքմանաման, Խուլիօ Պափթիսթա, Սաւիօ, Իւան Քամփօ եւ շարք մը այլ ֆութպոլիստներ:


