Քլաուտիօ Ռանիերի, որ անցեալ տարի Քալիարիի հետ աւարտելէ ետք ախոյեանութիւնը, յայտարարած էր իր ասպարէզի աւարտը, անակնկալ որոշումով վերադարձած է մարզելու Ռոման:
Ա. Էս. Ռոմա, որ շատ ձախող եղանակ մը կը բոլորէ 2024-ին, իր 4-րդ մարզիչը ընտրեց Ռանիերին, որ 73 տարեկանին հոգ պիտի տանի Իտալիոյ մայրաքաղաքի խումբին մինչեւ տարեշրջանի աւարտը, ապա ինք պիտի օգնէ Ռոմայի ղեկավարութեան, որ ապագային ընտրէ նոր մարզիչ:
Փորթուգալցի Ժոսէ Մուրինիօ խումբը կը մարզէր յունուարին, սակայն զինք փոխարինեց ակումբին տարիներու խմբապետ Տանիելէ Ռոսի, որ բաւական լաւ արդիւնք ձեռք բերած էր` հասնելով «Եուրոփա լիկ»-ի կիսաւարտական: Սակայն «Սերի Ա.»-ի 2024-2025 տարեշրջանի սկիզբի առաջին 4 մրցումներուն յաղթանակ չարձանագրելէ ետք, ան սեպտեմբերին փոխարինուեցաւ խրուաթ Իվան Եուրիչով: Եուրիչ 18 սեպտեմբերին գործի անցաւ, բայց չկրցաւ սպասուած արդիւնքը ձեռք ձգել, բան մը, որ պատճառ դարձաւ քանի մը օր առաջ անոր պաշտօնանկ ըլլալուն:
Այժմ պաշտօնը յանձնուած է վեթերան Ռանիերիի, որ 2009-էն 2011, ինչպէս նաեւ 2019-ին կարճ ժամանակով մարզած է Ռոման:


