Վինիսիուս Ճունիոր Կրնայ Սէուտական Արաբիա Երթալ…
Սպանացի լրագրող Էտու Ակիրէ վերջերս մօտէն հետաքրքրուած է Ռէալ Մատրիտի ձախ ծայրի յառաջապահ (ուինկ) պրազիլցի Վինիսիուս Ճունիորի ապագայով: «Վինիսիուս Ճունիոր Ռէալը կը լքէ միայն Սէուտական Արաբիա տեղափոխուելու համար... այդ միակ տարբերակն է: Այս ամառ քաոս կրնայ ըլլալ», ըսած է Ակիրէ: Աւելի կանուխ «Տի Աթլեթիք» յայտնած էր, թէ Վինիսիուս Ճունիոր հրաժարած է իր պայմանագիրը երկարաձգելէ Մատրիտի հետ: Անոր առաջարկուած էր տարեկան...




















