Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ-ի Տղաքը Պարտութեամբ Սկսան Ախոյեանութիւնը

February 8, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի խումբը հինգշաբթի գիշեր այս տարեշրջանը սկսաւ պարտութեամբ, երբ Մըզհերի մէջ 88-96 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Մէյրուպայի դէմ:

Մրցումէն առաջ ՀՄԸՄ-ի համակիրները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի յիշատակը:

Պէտք է ընդունիլ, որ ՀՄԸՄ-ի տղոց խումբը պատրաստ չէր այս մրցումին, մանաւանդ որ խումբի 2 օտարներ` Եուաթ Ալոք եւ Աքսել Թուփան նոր միացած էին խումբին եւ մթնոլորտին ընտելացած չէին, մինչ Թուփան մրցում կատարելու մթնոլորտին մէջ ալ չէր (ինչպէս մարզիչն ալ ըսաւ մրցումէն առաջ), մանաւանդ որ ամիսներէ ի վեր հեռու էր դաշտերէն: Մրցակից խումբն ալ Տոմինիքեան կղզիներէն մարզիկ մը ունէր` Անիուրի Քասթիյօ, որ 9 յաջող երեք կէտնոց կողովներ նշանակեց` ընդամէնը նշանակելով 48 կէտեր, եւ մեր տղաքը ձեւով մը չկրցան կասեցնել անոր յառաջխաղացքը:

10 օր առաջ նոյն խումբերը մրցած էին «Ֆետերէյշըն Քափ»-ի մրցաշարքին, ուր ՀՄԸՄ 103-88 արդիւնքով յաղթած էր, երբ 2 օտարներով խաղցած էր, իսկ Մէյրուպա` 2… հինգշաբթի գիշեր թէ՛ արդիւնքը հակառակ էր եւ թէ՛ օտարներու պարագան, ուր Մէյրուպա 2 օտարներով խաղցաւ, իսկ ՀՄԸՄ` 3:

Ճորտըն Սիվընզ առաջին մասին կէտ չկրցաւ նշանակել եւ ընդամէնը 17 կէտով աւարտեց մրցումը, մինչ Աքսել Թուփան 12 կէտ եւ 11 ռիպաունտ ձեռք ձգեց: Եութա Ալոք 13 կէտ եւ 11 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, բայց 5 ֆաուլեր կատարելով չամբողջացուց մրցումը:

ՀՄԸՄ-ի առաւելագոյն կէտերը նշանակեց Կերի Չիւիչեան, որ 27 կէտ նշանակեց` 5 յաջող 3 կէտնոց կողովներ նշանակելով, մինչ Կապրիէլ Աճէմեան 13 կէտ նշանակեց: Մէյրուպայի 2-րդ օտարը` Սէմ Տենիըլ 26 կէտ եւ 13 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:

Յոյսով, որ մինչեւ չորեքշաբթի, մեր յաջորդ մրցումը, տղաքը կը պատրաստուին աւելի լաւ մրցում մը կ՛ունենան Էն. Էս. Էյ.-ի դէմ:

Պէյրութ Ֆըրսթ 82-80 արդիւնքով դժուար յաղթանակ մը տարաւ Հուփսի վրայ, մինչ չորեքշաբթի գիշեր Սաժես 118-88 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Սանթրալը (Մարքազիէ Ճիւնիէն):

 

 

Նախորդը

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիասի Աղջիկները Վաղը Կը Սկսին Տարեշրջանը` Էն. Էս. Էյ.-ի Դէմ

Յաջորդը

Քրեմլին Հերքած Է Փութին-Թրամփ Հանդիպումին Նախապատրաստուելու Տեղեկութիւնները

RelatedPosts

Հեծելարշաւ.  Լիբանան 4-րդ Պրոնզէ Մետալ Մըն Ալ Շահեցաւ
Մարզական

Հեծելարշաւ. Լիբանան 4-րդ Պրոնզէ Մետալ Մըն Ալ Շահեցաւ

October 14, 2026
«Չեմփիընզ Լիկ».  Այսօր` Մանչեսթըր Սիթի – Փարիզ Սեն Ժերմեն
Մարզական

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Մանչեսթըր Սիթի – Փարիզ Սեն Ժերմեն

October 14, 2026
Բռնցքամարտ.  Այսօր Կը Սկսի Երիտասարդներու  Աշխարհի Ախոյեանութիւնը
Մարզական

Բռնցքամարտ. Այսօր Կը Սկսի Երիտասարդներու Աշխարհի Ախոյեանութիւնը

October 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.