Այս շաբաթավերջին Անգլիոյ մէջ «Փրեմիեր լիկ»-ի մրցումներ չկան, եւ տեղի պիտի ունենան «Էֆ. Էյ. Քափ»-ի (Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակ) մրցաշարքի 1/16-րդ հանգրուանի մրցումները, մինչ ամէնէն հետաքրքրական մրցումը կրնայ ըլլալ Սպանիոյ մէջ, ուր «Լա լիկա»-ի 23-րդ հանգրուանին տեղի պիտի ունենայ մայրաքաղաք Մատրիտի «տերպի» մրցումը: 238-րդ այս ճակատումին, Ռէալ Մատրիտ պիտի փորձէ 117-րդ յաղթանակը արձանագրել, մինչ Աթլեթիքօ պիտի փորձէ 60-րդ յաղթանակը արձանագրել գրաւելու համար ախոյեանութեան պարագլուխի դիրքը:
Աթլեթիքօ օգտուեցաւ անցեալ շաբթուան Ռէալ Մատրիտի անակնկալ պարտութենէն Էսփանիոլի դէմ եւ 1 կէտ նուազեցուց տարբերութիւնը:
Ռէալ Մատրիտ 1 տարի առաջ Սպանիոյ գերբաժակի կիսաւարտականի գծով պէտք ունեցած էր երկարաձգման` պարտութեան մատնելու Աթլեթիքոն, որ վերջին անգամ 2022-ի 18 սեպտեմբերէն ի վեր չէ պարտուած Ռէալ Մատրիտէն:
Կրնայ պատահիլ, որ անգամ մը եւս (անցեալ տարուան նման) մատրիտեան տերպին հաւասարութեամբ աւարտի, բան մը, որմէ կրնայ օգտուիլ երրորդ դիրքը գրաւող Պարսելոնա, որ պիտի մրցի Սեւիայի դէմ, այս վերջինիս «Էսթատիօ Ռամոն Սանչես Փիզխուան» դաշտին վրայ:
12-րդ դիրքը գրաւող Սեւիա իր վերջին 5 մրցումներուն միայն 1 յաղթանակ արձանագրած է, մինչ Պարսելոնա իր վերջին 5 մրցումներէն 4-ը պարտութեամբ աւարտած է:
Աւելի՛ն, Պարսելոնա իր վերջին 5 ճակատումներուն բոլորին ալ (2022-էն ի վեր) կրցած է յաղթել` Սեւիայի դէմ:
Ստորեւ` 23-րդ հանգրուանի յայտագիրը.
Սելթա Վիկօ – Պեթիս
Աթլեթիք Պիլպաօ – Ժիրոնա
Լաս Փալմաս – Վիարէալ
Ռէալ Մատրիտ – Աթլեթիքօ Մատրիտ
ՎԱՂԸ
Ալավես – Խեթաֆէ
Վալենսիա – Լեղանես
Ռէալ Սոսիետատ – Էսփանիոլ
Սեւիա – Պարսելոնա
ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ
Մայորքա – Օսասունա
Ինչպէս նշեցինք, Անգլիոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ «Էֆ. Էյ. Քափ»-ի 1/16-րդ հանգրուանի մրցումները: Պրայթըն – Չելսի մրցումը, ինչպէս նաեւ Ասթոն Վիլա – Թոթենհամ մրցումը պիտի ըլլան ամէնէն հետաքրքրականները` այս հանգրուանին, հակառակ անոր որ Անգլիոյ մէջ միշտ ալ անակնկալ արդիւնքներ կրնան արձանագրուիլ:
Ստորեւ` կարեւորագոյն մրցումներուն յայտագիրը.
Լիծ – Միլուոլ
Լէյթըն Օրիընթ – Մանչեսթըր Սիթի
Քովենթրի – Իփսուիչ
Էվըրթըն – Պորնմաութ
Սաութհեմփթըն – Պըրնլի
Ուիկըն – Ֆուլհամ
Պերինկհամ – Նիւքեսըլ
Պրայթըն – Չելսի
ՎԱՂԸ
Պլեքպըրն – Վուլվզ
Փլիմըթ – Լիվըրփուլ
Ասթոն Վիլա – Թոթենհամ
Գերմանիոյ «Պունտըսլիկա»-ի 21-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Տորթմունտ իր նոր մարզիչ Նիքօ Քովաչի հետ պիտի հիւրընկալէ անցեալ տարուան փոխախոյեան Շթութկարթը: Տորթմունտ պիտի փորձէ այս եղանակին առաջին անգամ ըլլալով յաջորդական երրորդ յաղթանակը արձանագրել, մինչ Շթութկարթ 3 յաջորդական պարտութիւններ կրելէ ետք յաղթանակ մը արձանագրած էր Աուկզպուրկի վրայ, Գերմանիոյ բաժակի քառորդ աւարտականին:
Վոլֆսպուրկ պիտի հիւրընկալէ ախոյեան Պայեր Լեւերքուզընը, որ վերջին 5 ճակատումներուն կրցած է անյաղթ մնալ Վոլֆսպուրկի դէմ` յաղթելով վերջին 3 ճակատումներուն:
Ստորեւ` 21-րդ հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը.
Տորթմունտ – Շթութկարթ
Հոֆենհայմ – Ունիոն Պերլին
Ֆրայպուրկ – Հայտընհայմ
Վոլֆսպուրկ – Պայեր Լեւերքուզըն
Մայնց – Աուկզպուրկ
Մէօնշընկլատպախ – Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ
ՎԱՂԸ
Հոլշթայնքիլ – Պոխում
Ռետ Պուլ Լայփցիկ – Զանքթ Փաուլի
Իտալիոյ «Սերի Ա.»-ի 24-րդ հանգրուանին, առաջին դիրքը գրաւող Նափոլի պիտի մրցի Ուտինեզէի դէմ, այն յոյսով, որ կրնայ իր ետին ձգել Ինթերը, որ հինգշաբթի գիշեր իր յետաձգուած մրցումը 3-0 արդիւնքով պարտութեամբ աւարտեց Ֆիորենթինայի դէմ:
Հետաքրքրականը հոն է, որ երկուշաբթի գիշեր, Ինթեր իր դաշտին վրայ պիտի վերընդունի Ֆիորենթինան` այս անգամ յոյսով, որ կարենայ 3 կէտերը ձեռք ձգել:
Ստորեւ` 24-րդ շաբթուան յայտագիրը.
Վերոնա – Աթալանթա
Էմփոլի – Ա. Սէ. Միլան
Թորինօ – Ճենովա
ՎԱՂԸ
Վենեցիա – Ա. Էս. Ռոմա
Քալիարի – Փարմա
Լացիօ Ռոմա – Մոնցա
Լեչէ – Պոլոնիա
Նափոլի – Ուտինեզէ
ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ
Ինթեր Միլան – Ֆիորենթինա
Ֆրանսայի «Լիկ-1»-ի 21-րդ հանգրուանին տեղի պիտի ունենան հետեւեալ մրցումները.
Նիս – Լանս
Լիլ – Լը Հաւր
Սենթ Էթիեն – Ռենն
ՎԱՂԸ
Լիոն – Ռենս
Օքսեռ – Թուլուզ
Սթրազպուրկ – Մոնփելիէ
Անժէ – Մարսէյ