Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Չեմփիըիզ Լիկ. Այսօր` Մանչեսթըր Սիթի – Ռէալ Մատրիտ

February 11, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Չեմփիընզ լիկ»-ի այս տարեշրջանի «կանուխ աւարտական»-ը տեղի կ՛ունենայ այսօր Անգլիոյ մէջ, ուր Մանչեսթըր Սիթի կը հիւրընկալէ Ռէալ Մատրիտը:

Վերջին երկու «Չեմփիընզ լիկ»-ի տիտղոսակիրները անակնկալ ձեւով դասաւորման մէջ մէջտեղի դիրքերը գրաւելէ ետք, այս տարեշրջանի նոր ձեւի առաջին հանգրուանին իրար դէմ պիտի մրցին երթի առաջին մրցումին: 36 խումբերէ կազմուած առաջին հանգրուանին զտուած էին 24 խումբեր, որոնց 16-ն իրար դէմ պիտի մրցին` զտուելու, որպէսզի յաջորդ հանգրուանին մրցին լաւագոյն 8 դիրքերը գրաւած խումբերուն դէմ:

Ֆութպոլի սիրահարներուն համար աւելի հետաքրքրական պիտի ըլլայ դիտել իրենց սիրած խումբը, որ եթէ անշուշտ հասնի աւարտական, նախկին ձեւով 13 մրցում պիտի կատարէր, բայց այժմ համակիրները 17 մրցում դիտելու առիթ պիտի ունենան, բան մը, որ յաւելեալ եկամուտ կը պարգեւէ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին, ինչպէս նաեւ խումբերուն ալ… Միակ տուժողները մարզիկները կրնան ըլլալ` վիրաւորուելու աւելի պատճառ ունենալու եւ քիչ դադարներու պատճառով:

Այս տարուան ձեւի առաջին «զոհ»-ը կրնայ ըլլալ Սիթի – Ռէալ մրցումէն պարտուողը, որ այս տարեշրջանին շատ լաւ ձեւով չսկսաւ եղանակը:

Պայերն Միւնիխի եւ Փարիզ Սեն Ժերմենի նման հարուստ եւ համբաւաւոր խումբեր ալ կրնան նեղի մատնուիլ այսօր, վաղը եւ յառաջիկայ շաբաթ տեղի ունենալիք նաք աութի այս փլէյ օֆ-ի հանգրուանին:

Տարի մը առաջ, Ռէալ Մատրիտ քառորդ աւարտականին դուրս ձգած էր Մանչեսթըր Սիթին, 2022-ի կիսաւարտականին աւելի ուշ դառնալով ախոյեան: Մանչեսթըր Սիթի 2023-ին կիսաւարտականին դուրս ձգած էր Մատրիտի կազմը` աւելի ուշ շահելով առաջին եւրոպական տիտղոսը:

Ստորեւ` այսօրուան եւ վաղուան մրցումներուն յայտագիրը.

ԱՅՍՕՐ
ԺԱՄԸ 19:45-ԻՆ
Պրեսթ – Փարիզ Սեն Ժերմեն

ԺԱՄԸ 22:00-ԻՆ
Սփորթինկ Լիզպոն – Տորթմունտ
Մանչեսթըր Սիթի – Ռէալ Մատրիտ
Եուվենթուս – ՓՍՎ Այնտհովըն

ՎԱՂԸ

ԺԱՄԸ 19:45-ԻՆ
Ֆ. Ք. Պրիւժ – Աթալանթա

ԺԱՄԸ 22:00-ԻՆ
Ֆեյենուրտ Ռոթերտամ – Ա. Սէ. Միլան
Մոնաքօ – Պենֆիքա
Սելթիք – Պայերն Միւնիխ

 

 

Նախորդը

Դարու Կէսին Մոլորակի Ութ Միլիառը Երբ Ըլլայ Տասը Միլիառ…

Յաջորդը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Լիվըրփուլ Եւ Թոթենհամ Դուրս Մնացին Բաժակի Մրցաշարքէն

RelatedPosts

Հեծելարշաւ.  Լիբանանի Երիտասարդները` Պրոնզէ Մետալակիր
Մարզական

Հեծելարշաւ. 3-րդ Պրոնզէ Մետալ` Լիբանանի

October 13, 2026
Պասքեթպոլ. Աթլաս Ֆորզոլ Բարձրացաւ Ա. Դասակարգ. Թատամոն Հարաժել Մնաց Ա. Դասակարգ
Մարզական

Պասքեթպոլ. Աթլաս Ֆորզոլ Բարձրացաւ Ա. Դասակարգ. Թատամոն Հարաժել Մնաց Ա. Դասակարգ

October 13, 2026
Բռնցքամարտ.  Յակոբ Շարբաթեան Եւրոպայի Ախոյեան
Մարզական

Բռնցքամարտ. Յակոբ Շարբաթեան Եւրոպայի Ախոյեան

October 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.