Շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Հայաստանի ծանրաբարձութեան տղոց եւ աղջկանց ախոյեանութիւնը:
Առաջին օրը մասնակցեցան աղջիկ ծանրաբարձները, ուր ըստ իրենց կշիռքներուն ախոյեան դարձան հետեւեալ մարզիկները.
45 քկ – Պապայեան Քրիսթինէ
49 քկ – Մանէ Աւանէսեան
55 քկ – Տանզելա Գրիգորեան
59 քկ – Ալեքսանտրա Գրիգորեան
64 քկ – Մերի Միսաքեան
71 քկ – Աննա Ամրոյեան
76 քկ – Ալինա Սուքիասեան
81 քկ – Էմմա Պօղոսեան
87 քկ – Լիաննա Քիւրքճեան
87 քիլոկրամէն վեր – Տաթեւ Յակոբեան
Երկրորդ օրուան մրցումներուն սկսան տղաքը, ուր ախոյեան դարձան հետեւեալ մարզիկները.
55 քկ – Վոլոտիա Սարգսեան
61 քկ – Գառնիկ Չոլաքեան
67 քկ – Նարեկ Յովսէփեան
73 քկ – Գոռ Սահակեան
81 քկ – Ռաֆիկ Յարութիւնեան
89 քկ – Մնացական Աբրահամեան
96 քկ – Դաւիթ Յովհաննէսեան
102 քկ – Արա Աղանեան
109 քկ – Պետրոս Պետրոսեան
109 քիլոկրամէն աւելի – Սիմոն Մարտիրոսեան
Տղոց եւ աղջկանց մրցումներուն Հայաստանի ախոյեանութեան մասնակցեցան ընդամէնը 53 ծանրաբարձներ (29 տղաք եւ 24 աղջիկներ): Հայաստանի տղոց ազգային խումբի գլխաւոր մարզիչ Փաշիկ Ալավերտեանի համաձայն, ախոյեանութեան չմասնակցեցան Հայաստանը ներկայացնող Վարազդատ Լալայեան եւ Գարիկ Կարապետեան, մինչ ըստ մարզիչին 6 այլ ծանրաբարձներ կ՛ապաքինին իրենց ստացած տարբեր ձեւի վնասուածքներէն:
Նշենք, որ 14 փետրուարէն սկսեալ Հայաստանի ազգային խումբը 15 օրուան ուսումնամարզական հաւաք պիտի անցընէ Ծաղկաձորի մէջ` նախապատրաստուելու ապրիլ ամսուան ընթացքին Մոլտովայի մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի ախոյեանութեան: