Հայ մեծ վարպետ Լեւոն Արոնեան 2024-ին ամէնէն գումար վաստկած ճատրակի վարպետներու ցանկին մաս կազմեց ըստ «Ֆութպոլ»-ի:
«Յաւերժ երիտասարդ Լեւոն անգամ մը եւս կը փաստէ, որ տակաւին կանուխ է զինք պայքարէն դուրս նկատելը: Միացեալ Նահանգներու բաժակի մրցաշարքին անոր անսպասելի յաղթանակը անոր 90 հազար ամ. տոլար ապահովեց, իսկ աւելի ուշ, ըստ աւանդութեան, ցուցակը շարունակեց «Կրենտ Չես Թուր»-ով եւ «Չեմփիընզ չես թուր»-ով», մեկնաբանած է «Ֆութպոլ»:
Նշենք, որ առաջին դիրքը գրաւած է Կուքեշ Տոմարաճու (Կուքեշ Տի.), որ անցեալ տարի դարձաւ աշխարհի ախոյեան: Ան վաստկեց մէկուկէս միլիոն ամ. տոլարէ աւելի: Երկրորդ դիրքը գրաւեց Տինկ Լիրեն, որ աշխարհի փոխախոյեանն է աւելի քան 1,1 միլիոն տոլարով: 3-րդ դիրքը գրաւեց նորվեկիացի Մակնուս Քարլսըն, որ 700 հազար ամ. տոլար վաստկած է:
Հնդիկ աշխարհի ախոյեան Կուքեշ (18 տարեկան) շատ հեռու է տակաւին մեծ վարպետներու ընդհանուր ցանկէն, ուր նորվեկիացի Քարլսըն մօտ 11 միլիոն ամ. տոլար վաստկած է:
Լեւոն Արոնեան, որ 2024-ին 257 հազար տոլարի մօտ վաստկած է, իր եկամուտի ընդհանուր գումարը հասցուցած է 3 միլիոն ամ. տոլարի սահմանը` պատմութեան 12-րդ լաւագոյն դիրքը գրաւելով:
Ստորեւ` ընդհանուր դասաւորումը.
1.- Մակնուս Քարլըսն 10.776.973 ամ. տոլար
2.- Վիշուանաթան Անանտ 9.485.844
3.- Կերի Գասպարով 7.967.979
4.- Անաթոլի Գարփով 5.989.480
5.- Վլատիմիր Քրամնիք 4.775.825
6.- Իան Նեփոմնիաշչի 4.109.916
7.- Ֆապիանօ Քարուանա 3.630.312
8.- Տինկ Լիրեն 3.521.654
9.- Պոպի Ֆիշըր 3.519.559
10.- Վեսելին Թոփալով 3.307.916
11.- Հիքարու Նաքամուրա 3.145.569
12.- Լեւոն Արոնեան 3.087.107