Երէկ «Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումներուն, Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 137-101 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Նիւ Օրինզ Փելիքընզը` ձեռք ձգելով իր 43-րդ յաղթանակը 52 մրցումներու ընթացքին: Շէյ Կիլճիըս – Ալեքսանտր անգամ մը եւս փայլեցաւ 31 կէտեր նշանակելով:
Քլիվլենտ Քեվելիրզ 128-107 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Մինեսոթա Թիմպըրվուլզը 128-107 արդիւնքով` շնորհիւ Էվըն Մոպլիի տապըլ տապըլին (28 կէտ եւ 10 ռիպաունտ), մինչ Անթոնի Էտուըրտծ 44 կէտ նշանակեց Մինեսոթայի հաշուոյն:
Լուքա Տոնչիչ իր առաջին ելոյթը ունեցաւ Լոս Անճելըս Լէյքըրզի հետ, որ 132-113 արդիւնքով յաղթական դուրս եկաւ Քալիֆորնիոյ մէջ: 7 մարզիկներ 11 կէտերէ աւելի նշանակեցին ի նպաստ Լէյքըրզի, ուր Լըպրոն Ճէյմս 24 կէտ նշանակեց, Օսթըն Ռիվզ (22 կէտ), Ռուի Հաշիմուրա (21 կէտ), Ճորտըն Կուտուին (17 կէտ), Ճեքսըն Հէյզ (12 կէտ), Տոնչիչ (14 կէտ) եւ Կէյպ Վինսընթ (11 կէտ) եղան Լէյքըրզի լաւագոյն մարզիկները:
Տալաս Մեւրիքս իր դաշտին վրայ յետ երկարաձգման պարտութիւն կրեց Սաքրամենթօ Քինկզէն` 129-128 արդիւնքով, ուր Տըմար Տըրոզըն 42 կէտ նշանակեց, կարեւորագոյն 2 կէտերը` մրցումի աւարտէն 2 երկվայրկեան առաջ:
Տալասի սենթըր Տանիէլ Կաֆորտ աջ ծունկը վիրաւորեց, երբ ծունկ ծունկի զարնուեցաւ մրցակից Մալիք Մոնքի հետ` միանալով վիրաւորներ Անթոնի Տէյվիսի, Փի. Ճէյ. Ուաշինկթընի եւ սենթըրներ Տերեք Լայվլիի եւ Տուայթ Փաուըլի:
Քայրի Ըրվինկ, որ մրցումէն առաջ նկատի առնուած էր «Օլ Սթար» մրցումին` փոխարինելով Անթոնի Տէյվիսը, 30 կէտ նշանակեց:
Աթլանթա Հոքս 112-106 արդիւնքով յաղթեց Օրլանտօ Մեճիքին, այս վերջինիս դաշտին վրայ: Ֆրանց Վակնըր 37 կէտ նշանակեց ի նպաստ Օրլանտոյի, մինչ Թրէյ Եանկ 19 կէտ եւ 8 էսիսթ կատարեց Աթալանթայի հաշուոյն: Թրէյ փոխարինեց վիրաւոր Եաննիս Անթեթոքումփոն` «Օլ Սթար»-ի մրցումին համար:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Սան Անթոնիօ 121-131
Օրլանտօ Մեճիք – Աթլանթա Հոքս 106-112
Քլիվլենտ Քեվելիրզ – Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ 128-107
Մայեմի Հիթ – Պոսթըն Սելթիքս 85-103
Պրուքլին Նեթց – Չարլոթ Հորնեթց 97-89
Օքլահոմա Սիթի Թանտըր – Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ 137-101
Միլուոքի Պաքս – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 111-125
Տալաս Մեւրիքս – Սաքրամենթօ Քինկզ 128-129
Տենվըր Նակեթց – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 146-117
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Եութա Ճեզ 132-113