Արիզոնայի մէջ Ֆինիքս Սանզ հիւրընկալեց Մեմֆիս Կրիզլիզը առաջին կիսախաղին 68 կէտ նշանակեց տիրապետելով Ֆինիքսի վրայ` 19 կէտի ալ հասցնելով իր առաւելութիւնը: Բ. կիսախաղին Ֆինիքս 3 կէտով անցաւ ալ, սակայն չկրցաւ պահել իր առաւելութիւնը եւ տեղի տուաւ 119-112 արդիւնքով:
Երեք մրցումէ բացակայելէ ետք Քեւըն Տիւրենթ վերադարձած էր եւ կրցաւ 34 կէտ նշանակել` դառնալով պատմութեան 8-րդ մարզիկը, որ 30 հազար կէտի սահմանը կ՛անցնէր:
Տիւրենթ 30 հազար կէտի հասաւ իր 1,101-րդ մրցումին, Քարիմ Ապտիւլ Ժապպարի նման: Միայն Ուիլթ Չեմպըրլէյնը (941 մրցում) եւ Մայքըլ Ճորտըն (960 մրցում) աւելի նուազ մրցումներէ ետք հասած են այս թիւին:
Տիւրենթ կը միանայ Լըպրոն Ճէյմսի (41.623 կէտ), Քարիմ Ապտիւլ Ճապպարի (38.387 կէտ), Քարլ Մալոնի (36.928 կէտ), Քոպի Պրայընթի (33.643 կէտ), Մայքըլ Ճորտընի (32.292 կէտ), Տըրք Նովիթցքիի (31.560 կէտ) եւ Ուիլթ Չեմպըրլէյնի (31.419 կէտ)` աւելի քան 30 հազար կէտ նշանակող մարզիկներու խմբակին:
15 անգամ «Օլ Սթար»-ի մրցումին մասնակցած Տիւրենթ առնուազն 20 կէտի տոկոսով կը նշանակէ իր ամէն խաղցած եղանակներուն ընթացքին, եւ կը շարունակէ նշանակել մեծ թիւով կէտեր: Այս տարեշրջանին ան միջին հաշուով 27 կէտ կը նշանակէ 52 տոկոս յաջողութեամբ:
Եթէ նայինք առնուազն 500 մրցում կատարած մարզիկներու նշանակած յաջողութեան տոկոսին, Տիւրենթ 4-րդ դիրքը կը գրաւէ (27,2 կէտ միջին հաշուով) Ճորտընի (30,1 կէտ), Չեմպըրլէյնի (30,1 կէտ) եւ Էլկին Պէյլըրի (27,4 կէտ) ետին:
Երէկուան մրցումին Մեմֆիսի լաւագոյն մարզիկն էր Ճա Մըրենթ (26 կէտ), մինչ Տեզմընտ Պէյն իր կարգին բաւական արդիւնաւէտ էր 20 կէտով եւ 9 ռիպաունտով:
Երէկուան մրցումներուն ամէնէն աւելի կէտերը նշանակեց Քարլ-Անթոնի Թաունզ, որ 40 կէտ եւ 12 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Նիւ Եորք Նիքսի, որ կրցաւ յաղթանակով վերադառնալ Ինտիանայէն, Փէյսըրզի դէմ մրցումին, 115-128:
Նիւ Եորք, որ իր վերջին 5 մրցումներուն 2 ծանր պարտութիւն կրած էր Լոս Անճելըս Լէյքըրզի եւ Պոսթըն Սելթիքսի դէմ, կրցաւ լաւ մրցում մը ունենալ առանց Ճէյլըն Պրանսընի հերոսութիւններուն, համեմատաբար «լուռ» մրցումէ մը ետք (8 կէտ եւ 7 էսիսթ): Ճոշ Հարթ (30 կէտ եւ 10 ռիպաունտ) եւ Փրեշըս Աչիուա (9 կէտ եւ 12 ռիպաունտ) եղան Նիւ Եորքի աստղերէն:
Ինտիանայի լաւագոյն մարզիկներն էին Փասքալ Սիաքամ (24 կէտ), Թոմաս Պրայընթ (18 կէտ եւ 9 ռիպաունտ) եւ Պենետիքթ Մաթուրին (18 կէտ):
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ – Թորոնթօ Ռեփթըրզ 103-106
Ինտիանա Փէյսըրզ – Նիւ Եորք Նիքս 115-128
Շիքակօ Պուլզ – Տիթրոյիթ Փիսթընզ 92-132
Ֆինիքս Սանզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ 112-119