Վաղը կէսօրէ ետք ժամը 16:00-ին, «Ֆուատ Շեհապ» համալիրին մէջ (Ճիւնի) ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները պիտի սկսին 2024-2025 տարեշրջանի պասքեթպոլի եղանակը` մրցելով Էն. Էս. Էյ.-ի դէմ:
Անթիլիասի աղջիկները բաւական լաւ պատրաստուած են եւ ախոյեանութեան համար կը պայքարին, անցեալ տարի 3-րդ դիրքին վրայ ապրելէ ետք ախոյեանութիւնը, Ռիատիի եւ Պէյրութ Ֆըրսթի ետին:
Յաջորդ շաբաթ օր` 15 փետրուարին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ Անթիլիասի աղջիկները պիտի կատարեն երկրորդ մրցումը` Հուփսի դէմ, ժամը 21:00-ին: