Սպանացի լրագրող Էտու Ակիրէ վերջերս մօտէն հետաքրքրուած է Ռէալ Մատրիտի ձախ ծայրի յառաջապահ (ուինկ) պրազիլցի Վինիսիուս Ճունիորի ապագայով:
«Վինիսիուս Ճունիոր Ռէալը կը լքէ միայն Սէուտական Արաբիա տեղափոխուելու համար… այդ միակ տարբերակն է: Այս ամառ քաոս կրնայ ըլլալ», ըսած է Ակիրէ:
Աւելի կանուխ «Տի Աթլեթիք» յայտնած էր, թէ Վինիսիուս Ճունիոր հրաժարած է իր պայմանագիրը երկարաձգելէ Մատրիտի հետ: Անոր առաջարկուած էր տարեկան 15 միլիոն եւրօ: Անոր այժմու պայմանագիրը կ՛աւարտի 2027-ի ամրան:
Այս տարեշրջանին ան 15 կոլ եւ 6 էսիսթ կատարած է Ռէալի հետ:
Շաբաթ գիշեր Աթլեթիքօ Մատրիտի դէմ մրցումի կիսախաղին իտալացի մարզիչ Քարլօ Անչելոթթին իր մօտ կանչած է Վինիսիուսը, Էմպափէն եւ Պերինկհամը զանոնք քննադատելու եւ դժգոհութիւն յայտնելու համար: Ան այլ դէպքի մը ընթացքին Լեղանեսի դէմ մրցումին Մոտրիչին ցուցմունքներուն հետեւելու դժգոհութիւն ցուցաբերեց: Խումբի նախագահ Ֆլորենթինօ Փերես արդէն իսկ դժգոհ էր անոր անընդհատ գանգատներէն եւ բողոքներէն գրեթէ ամէն մրցումի ընթացքին ըլլայ իրաւարարներու սուլիչին կամ մրցակից խումբի համակիրներուն դէմ, բան մը, որ պատճառ կ՛ըլլայ դեղին քարտերու եւ կախակայումներու: