Վաղը, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ կը շարունակուի այս տարեշրջանի ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին կազմակերպած պասքեթպոլի մրցաշարքը: Անցեալ շաբաթ տեղի չէին ունեցած մրցումներ` Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի վախճանումի սուգին պատճառով:
Կլիմայական աննպաստ պայմաններուն պատճառով ֆութպոլի այսօրուան մրցումները յետաձգուած էին, բայց վաղը կը շարունակուին պասքեթպոլի մրցումները հետեւեալ յայտագիրով.
ԺԱՄԸ 8:30-ԻՆ, ՓՈՔՐ ՏՂԱՔ (14 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ)
Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան – Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան
ԺԱՄԸ 9:30-ԻՆ, ՓՈՔՐ ԱՂՋԻԿՆԵՐ
Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան – Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարան
ԺԱՄԸ 10:30-ԻՆ, ՄԵԾ ԱՂՋԻԿՆԵՐ
Մխիթարեան վարժարան – Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան
ԺԱՄԸ 11:45-ԻՆ, ՄԵԾ ՏՂԱՔ
Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ – Ազգային միացեալ վարժարան
ԺԱՄԸ 13:00-ԻՆ, ՄԵԾ ՏՂԱՔ
Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան – Մխիթարեան վարժարան
ԺԱՄԸ 14:15-ԻՆ, ՄԵԾ ԱՂՋԻԿՆԵՐ
Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան – Ազգային միացեալ վարժարան
ԺԱՄԸ 15:30-ԻՆ, ՓՈՔՐ ՏՂԱՔ
Մխիթարեան վարժարան – Ազգային միացեալ վարժարան