Հայազգի յառաջապահ Ֆին Կերակուսեան անցեալ շաբաթավերջին Սանըրլենտի 21 տարեկանէն վար խումբին հետ ելոյթ ունեցաւ` դաշտ ներկայանալով Բ. կիսախաղին (4-րդ վայրկեանին) եւ էսիսթ մը կատարելէ ետք 57-րդ վայրկեանին նշանակեց Սանտըրլենտի 5-րդ եւ վերջին կոլը` 92-րդ վայրկեանին, Վուլվզի դէմ:
Հազիւ 22 ժամ ետք, այս անգամ Ֆին Կերակուսեան մասնակցեցաւ Սանտըրլենտի 18 տարեկանէն վար խումբին հետ` Լիծի դէմ մրցումին, ուր հիմնական կազմին հետ դաշտ ներկայանալով 18-րդ վայրկեանին կոլ մը նշանակեց, եւ Սանտըրլենտ ի վերջոյ յաղթեց 3-0 արդիւնքով:
Սանտըրլենտ կը գրաւէ «Փրեմիեր լիկ»-ի 18 տարեկեանէն վար ախոյեանութեան 4-րդ դիրքը, Մանչեսթըր Սիթիի (37 կէտ), Մանչեսթըր Եունայթըտի (34 կէտ) եւ Տերպիի ետին (26 կէտ), եւ ունի 22 կէտ:
Ֆին Կերակուսեան 6 կոլ ունի 3 էսիսթներու կողքին իր կատարած 11 մրցումներուն ընթացքին, մինչ 21 տարեկանէն վար խումբին հետ ան իր 4-րդ մրցումը կատարեց` նշանակելով կոլ մը եւ կատարելով էսիսթ մը: