Յաղթանակ մը այս շաբաթ օր Պայեր Լեւերքուզընի դաշտին վրայ, եւ Պայերն Միւնիխ 11 կէտի բարձրացնելով տարբերութիւնը կրնայ միտքը հանգիստ շարունակել ախոյեանութեան արշաւը: Մրցումէն առաջ սակայն, Ֆլորիան Վիրցի հարցը քիչ մը լարուած կը դարձնէ մթնոլորտը: Ուլի Հէօնես` Պայերն Միւնիխի պատուոյ նախագահը, վերջերս հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, թէ իր երազն է Վիրցը տեսնել Միւնիխի շապիկով: Ան վստահաբար մարզիկ մըն է, որ պէտք չէ ըլլայ Պայերնէն հեռու: Եթէ Վիրց օր մը խաղայ Մուսխալայի հետ Պայերնի մէջ, այդ պահուն կրնանք աւելի հեռուն դիտել հանգիստ միտքով:
Պայերնի նախագահ Հերպերթ Հայնըր եւ տնօրէն Եան-Քրիսթիան Տրիզըն քիչ մը աւելի զուսպ էին… «Կրնանք երազել. Վիրց շատ մեծ խաղցող է»:
Գերմանացի յայտնի լրագրող եւ խօսնակ Մարսել Ռայֆ քանի մը օր առաջ ըսաւ. «Վերջերս գրաւի եկայ Պաւարիայէն մարդու մը հետ: Ես վստահ եմ, որ Ռէալ Մատրիտ պիտի երթայ»: Երբ հարցուեցաւ, թէ ո՞վ էր այդ մարդը, ան աւելի մանրամասնեց. «Գիշեր մը նստած էի Հէօնեսի հետ, իրենք համոզուած են, որ ձեռք պիտի բերեն (Վիրցը): Բայց ես կ՛ըսեմ, որ ան Ռէալ պիտի երթայ», ըսաւ Ռայֆ:
Հէօնեսի գրաւը Վիրցի վրայ այն է, որ ան պիտի գայ Պայերն: Հէօնես չնշեց, թէ ճիշդ երբ պիտի գայ: Գրաւը շիշ մը կարմիր գինիի վրայ է: Ռայֆ յստակօրէն յայտնեց, թէ Պայերն ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ ձեռք ձգելու Վիրցը: «Պայերնը կրնայ յաջորդ քայլը ըլլալ: Լեւերքուզընն ալ գիտէ այդ մէկը: Բայց կը կարծեմ, որ Ռէալ Մատրիտ աւելի պէտք ունին իրեն: Չապի Ալոնսօ զինք աւելի լաւ ֆութպոլիստի վերածեց: Զայն գրեթէ ամբողջական մարզիկ դարձուց», աւելցուց Ռայֆ:
Ալոնսօ, որ Ռէալ Մատրիտ յաջորդ մարզիչը կրնայ ըլլալ Քարլօ Անչելոթթիի մեկնումէն ետք, անցեալ եղանակին շահած էր «Պունտըսլիկա»-ի ախոյեանութիւնը եւ Գերմանիոյ բաժակը` Լեւերքուզընի հետ:
Գերմանիոյ ազգային խումբի միջնապահ Վիրցի պայմանագրութիւնը Լեւերքուզընի հետ կ՛երկարի մինչեւ 30 յունիս 2027: Նիւթեր շրջան կ՛ընեն, թէ ան պիտի երկարաձգէ իր պայմանագրութիւնը կանուխ լքելու պայմանով, ինչ որ յաւելեալ գումարի կը նայի առաջարկ ներկայացնող խումբին: Վիրցի փոխանցումը կրնայ արժել մօտ 150 միլիոն եւրօ:
Ֆութպոլի համակիրներու երազն է Մուսիալլա – Վիրց զոյգը տեսնել ակումբի մակարդակի վրայ, ինչպէս է պարագան Գերմանիոյ ազգային խումբին հետ:
Միւնիխի մէջ կ՛ըսուի, թէ Հէօնես լաւ կապերու մէջ է Ֆլորիան Վիրցի հօր հետ, որ իր զաւկին թիւ 1 խրատ տուող անձն է:
Թէ Վիրց պիտի ուզէ՞ խաղալ Պայերն Միւնիխի հետ կամ Պայերն պատրա՞ստ է մեծ գումար տրամադրելու մէկ մարզիկի, կամ… Ռէալ Մատրիտ ինչպէս միշտ նիւթական մեծ գումարներով պիտի ներգրաւէ յաւելեալ աստղեր: