Հայաստանի ներկայացուցիչ Աննա Պատալեան Սպանիոյ մէջ տեղի ունեցած գեղարուեստական մարմնամարզութեան «13-րդ Թորնէօ Ինթերնասիոնալ Ռիթմիքա Ինֆանթատօ» մրցաշարքին նուաճած է 4 մետալ, ըստ Հայաստանի մարմնամարզութեան ֆետերասիոնի մամլոյ հաղորդակցութեան:
Աննա Պատալեան օղակներով վարժութեան շահած է ոսկի մետալ, գնդակով` արծաթէ մետալ, գուրզերով եւ ժապաւէնով վարժութիւններուն` պրոնզէ մետալ: