Մարզական

Զաւեշտալի Դէպք` Պուլկարիոյ Մէջ

Զաւեշտալի Դէպք` Պուլկարիոյ Մէջ

Պուլկարիոյ մէջ Արտա Քարծալի - Լեւսքի Սոֆիա մրցումէն առաջ որոշուեցաւ 1 վայրկեան լռութեամբ յարգել Արտայի հին աստղերէն Փեթքօ Կանչեւի յիշատակը: Մրցումը սկսելէ ետք լուրեր տարածուեցան, թէ... 78 տարեկան Կանչեւ մահացած չէ: Աւելի ուշ Արտա խումբը տեղեկանալէ ետք, որ լուրը սխալ է, ներողութիւն խնդրեց Կանչեւէն եւ անոր ընտանիքէն` անոր մաղթելով առողջութիւն եւ երկար տարիներ: Նոյն պահուն Կանչեւի հեռախօսը կը զանգէր, բայց...

Ֆութսալ.  Եունիսփորթ Կը Շարունակէ Գլխաւորել Ընդհանուր Դասաւորումը

Ֆութսալ. Եունիսփորթ Կը Շարունակէ Գլխաւորել Ընդհանուր Դասաւորումը

Քանի մը օր առաջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի ֆութսալի բարձրագոյն դասակարգի 14-րդ հանգրուանը: Առաջին դիրքը գրաւող Եունիսփորթ 10-4 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց Էքովիլի դէմ: Եունիսփորթի կոլերը նշանակեցին Նարեկ Գալստեան (2),  Էտուարտ Մկրտչեան (2), Տիգրան Վարդանեան, Մամիկոն Տերմենճեան, Համլեթ Մանուկեան (3) եւ Փութրուս Վասիլեւ: Էքովիլի կազմին կոլերը նշանակեցին Աշոտ Սարգսեան, Օլամիլեքան Ապիտեմի Ատեպայօ (2) եւ Ռոպերթ Սանամեան: Այս յաղթանակէն ետք, Եունիսփորթ...

Սերխիօ Ռամոս Իր Առաջին…  Կարմիր Քարտը Ստացաւ Մեքսիքայի Մէջ

Սերխիօ Ռամոս Իր Առաջին… Կարմիր Քարտը Ստացաւ Մեքսիքայի Մէջ

Մեքսիքայի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն, Մոնթերէյ 12-րդ հանգրուանին 3-1 արդիւնքով Փումասի դաշտին վրայ կը յաղթէր, երբ 91-րդ վայրկեանին իր սպանացի յետսապահ Սերխիօ Ռամոս ոտքով հարուածեց մրցակից յառաջապահ Կիյերմօ Մարթինեսին, երբ գնդակը արդէն իսկ դուրս եկած էր դաշտէն: 38 տարեկան Ռամոս ուղղակի կարմիր քարտ մը ստացաւ, եւ հաւանական է, որ ան 1-2 մրցումով կախակայոււի: Այս մրցումը Ռամոսի 5-րդ հանդիպումն էր Մոնթերէի հետ:...

«Էն. Պի. Էյ.»  Քլիվլենտ Իր Երկրորդ Յաջորդական  Պարտութիւնը Կրեց

«Էն. Պի. Էյ.» Քլիվլենտ Իր Երկրորդ Յաջորդական Պարտութիւնը Կրեց

Իր առաջին 66 մրցումներուն 10 պարտութիւն կրելէ ետք, Քլիվլենտ Քեվելիրզ, որ Արեւելեան շրջանի լաւագոյն խումբն է, երէկ կրեց իր յաջորդական երկրորդ պարտութիւնը, երբ Ինկըլվուտի մէջ 132-119 արդիւնքով պարտուեցաւ Լոս Անճելըս Քլիփըրզէն: Քեվելիրզ 16 յաջորդական յաղթանակներ արձանագրած էր, բայց տարեշրջանի կարեւորագոյն ամիսները մօտենալով սկսաւ ետ մնալ եւ պարտութիւններ կրել: Քուայ Լենըրտ 33 կէտ նշանակեց Քլիփըրզի հաշուոյն, իսկ Իվիցա Զուպաց (28 կէտ...

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Անթիլիաս Դժուարութեամբ Յաղթեց  Պքեննեյային` 87-82 Արդիւնքով

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Դժուարութեամբ Յաղթեց Պքեննեյային` 87-82 Արդիւնքով

Երկուշաբթի գիշեր տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս - Սփորթինկ Պքեննեյայի պասքեթպոլի ճակատումը, աղջկանց ախոյեանութեան գծով: Մրցումը սկսաւ, եւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որ առաջին մասի առաջին 8 վայրկեաններուն 18-12 արդիւնքով կը յաղթէր, 10 յաջորդական կէտեր ստանալով 18-22 արդիւնքով ինքզինք ուշ գտաւ առաջին մասի աւարտին: Վիճակը շատ տարբեր չէր Բ. մասին, ուր մրցակից խումբը 14-ի հասցուց իր առաւելութիւնը (23-37), բայց կիսախաղին Անթիլիաս քիչ մը...

Բռնցքամարտ.  Նունէ Ասատրեան` Աշխարհի Ախոյեան

Բռնցքամարտ. Նունէ Ասատրեան` Աշխարհի Ախոյեան

Ռուսիան ներկայացնող Նունէ Ասատրեան, աշխարհի բռնցքամարտի ախոյեանութեան 60 քկ կշիռի մրցումներու աւարտականին յաղթելէ ետք ղազախստանցի Վիքթորիա Կրաֆէեւային, դարձաւ աշխարհի ախոյեան: Ասատրեանէն անկախ, Ռուսիա երկու մետալ եւս նուաճեց: 75 քկ կշիռի մրցումներուն Անասթազիա Շամոնովա յաղթելէ ետք իրլանտացի Իֆէ Մարի Օ՛Ռուրքին, դարձաւ ոսկի մետալակիր, մինչ 81 քկ կշիռի մրցումներուն Սալթանաթ Մետենովա յաղթելէ ետք թուրք Իսիլտար Պուղրային, իր կարգին ախոյեան դարձաւ: Ռուս մարզիկները...

Քալուքեան. «Երազս Էր Հայաստանի  Ազգային Խումբին Մաս Կազմելը»

Քալուքեան. «Երազս Էր Հայաստանի Ազգային Խումբին Մաս Կազմելը»

Հայաստանի ազգային խումբը երէկ սկսաւ իր մարզական հաւաքը, եւ խումբին նորեկ մարզիկ Նիքոլաս Քալուքեան կարճ զրոյց մը ունեցաւ Հայաստանի ֆետերասիոնին մամլոյ ծառայութեան հետ: «Չորս տարեկանէն սկսած եմ ֆութպոլ խաղալ, մեծ հօրս եւ հօրս հետ ֆութպոլ խաղալով մեծցած եմ: Անոնք ալ ֆութպոլիստներ եղած են, եւ հակառակ Միացեալ Նահանգներ ապրելուս, հայկական մշակոյթը մեծապէս ազդած է վրաս: Խաղցած եմ Նիւ Ճըրզի Սիտըր Սթարզ...

Մխիթարեանի Ասպարէզին Մասին.  «Անյարմար Վիճակէն` Ինթեր Միլանի Աստղ»  Կը Գրէ «Տը Թայմզ»-ի Լրագրողը

Մխիթարեանի Ասպարէզին Մասին. «Անյարմար Վիճակէն` Ինթեր Միլանի Աստղ» Կը Գրէ «Տը Թայմզ»-ի Լրագրողը

Անգլիական «Տը Թայզմ»-ի լրագրող Ճէյմս Կիրպրենթ վերջերս գրած է հայազգի ֆութպոլիստ Հենրիխ Մխիթարեանի մասին: Լրագրողը խօսած է հայ ֆութպոլիստի տաղանդին, նուիրուածութեան, ինչպէս նաեւ ժամանակի յաղթահարումին մասին: Վեթերանը ձեռք կը ձգէ ասպարէզի լաւագոյն ցուցանիշերը` «Սերի Ա.»-ի պարագլուխի դիրքը գրաւող խումբին հետ: Ո՞րն է անոր մղիչ ուժը վայելելու այն տարեշրջանները, որոնք իր հայրը, որ ուղեղի քաղցկեղէ մահացաւ 33 տարեկանին, երբեք չէ վայելած:...

«Էն. Պի. Էյ.»  Կրայմզ 46 Կէտ Նշանակեց, Սակայն Ֆիլատելֆիա  Պարտուեցաւ Յետ Երկարաձգման

«Էն. Պի. Էյ.» Կրայմզ 46 Կէտ Նշանակեց, Սակայն Ֆիլատելֆիա Պարտուեցաւ Յետ Երկարաձգման

Երէկ, հետաքրքրական մրցումի մը, Հիուսթըն Ռոքեթց այս տարեշրջանի իր «Էն. Պի. Էյ.»-ի լաւագոյն արդիւնքը ձեռք ձգեց յաջորդական 7-րդ մրցումը յաղթելով, երբ 144-137 արդիւնքով յաղթեց իր հիւր Ֆիլատելֆիա 76-ըրզին: Ճէյլըն Կրին եւ Ճապարի Սմիթ 30-ական կէտ նշանակեցին ի նպաստ Հիուսթընի, որ մրցումի բնական 48 վայրկեաններուն բնաւ չկրցաւ հասնիլ Ֆելատելֆիոյ: Հիուսթըն մինչեւ 25 կէտով ետ կը մնար պահ մը, բայց տարբերութիւնը 8...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Նիւքեսըլ Շահեցաւ «Ի. Էֆ. Էլ.» Բաժակը. Ինթեր, Պարսելոնա Եւ Փարիզ Սեն Ժերմեն Կը Սուրան Դէպի Ախոյեանութեան Տիտղոս

Եւրոպական Ֆութպոլ. Նիւքեսըլ Շահեցաւ «Ի. Էֆ. Էլ.» Բաժակը. Ինթեր, Պարսելոնա Եւ Փարիզ Սեն Ժերմեն Կը Սուրան Դէպի Ախոյեանութեան Տիտղոս

Շաբաթավերջին տեղի ունեցան եւրոպական «տաք» մրցումներ. Անգլիոյ մէջ «Փրեմիեր լիկ»-ի կողքին տեղի ունեցաւ Լիկայի բաժակի կամ «Ի. Էֆ. Էլ.» («Քարապաօ» բաժակ) բաժակի աւարտական մրցումը Ուեմպլիի մէջ, ուր 88 հազար 513 հանդիսատես ականատես եղան Նիւքեսըլի առաջին տիտղոսին 1955-էն ի վեր: Արդարեւ, Նիւքեսըլ, որ կը մրցէր «Փրեմիեր լիկ»-ի տիտղոսի թեկնածու Լիվըրփուլին դէմ, անակնկալի բերաւ զայն յաղթելով 2-1 արդիւնքով: Լիվըրփուլ, որ 5 օր...

Բռնցքամարտ.  Յովհաննէս Պաչքով Գերթեթեւ Կշիռի Ախոյեան

Բռնցքամարտ. Յովհաննէս Պաչքով Գերթեթեւ Կշիռի Ախոյեան

Գիւմրեցի բռնցքամարտիկ Յովհաննէս Պաչքով տպաւորիչ յաղթանակ տարաւ վենեզուելացի մարտիկ Խոսէ Ռիվաս Պասթարթոյի դէմ մրցումին` նուաճելով «Տապըլ Եու. Պի. Էյ.»-ի միջցամաքամասային գօտին` գերթեթեւ կշիռի կարգին: Տուպայի մէջ տեղի ունեցած մրցումին, Պաչքով առաջին ռաունտին առաւելութիւն ունէր իր մրցակիցին վրայ, իսկ երկրորդ ռաունտին ան նաք-աութի ենթարկեց մրցակիցը: Ասիկա արհեստավարժ բռնցքամարտի 7-րդ մրցումին 7-րդ յաղթանակն է Պաչքովի: Իր 30 տարեկան մրցակիցն ալ իր 10...

Ռոնալտօ Յետս Կոչած Է Իր Թեկնածութիւնը

Ռոնալտօ Յետս Կոչած Է Իր Թեկնածութիւնը

Պրազիլի ազգային խումբի պատմական յառաջապահներէն Ռոնալտօ յայտարարեց, որ թեկնածութիւնը յետս կոչած է Պրազիլի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահի պաշտօնէն: Նախապէս ան յայտնած էր իր ցանկութիւնը մասնակցելու 2026-ին նախատեսուած ընտրութիւններուն, սակայն հանդիպելէ ետք դիմադրութեան, որոշած է հրաժարիլ այդ գաղափարէն: «Ես չկրցայ ներկայացնել իմ նախագիծս, քանի որ 27 նահանգներէն 23-ը փակեցին իրենց դռները իմ թեկնածութեանս առջեւ: Անոնք իրենց աջակցութիւնը յայտնեցին ներկայ ղեկավարութեան եւ ես...

Տելի Ալլի Վերադարձաւ… 10 Վայրկեան

Տելի Ալլի Վերադարձաւ… 10 Վայրկեան

Անգլիոյ ազգային խումբի եւ Թոթենհամի նախկին միջնապահ Պեմիտելի Ճերմէյն «Տելի» Ալլի իր առաջին ելոյթը ունեցաւ «Սերի Ա.»-ի մէջ Քոմօ խումբին հետ, սակայն... 10 վայրկեան ետք վտարուեցաւ: Ան իր վերջին մրցումը կատարած էր թրքական Պեշիքթաշ ակումբին հետ 26 փետրուար 2023-ին: 735 օր ֆութպոլէ հեռու մնալէ ետք, ան դաշտ ներկայացաւ երկար բացակայութենէ ետք (վիրաւորուած ըլլալուն պատճառով), երբ 81-րդ վայրկեանին մարզիչ Սեսք Ֆապրեկաս...

Էն. Պի. Էյ.  Օրլանտօ Վերջ Դրաւ Քլիվլենտի Յաջորդական Յաղթանակներուն

Էն. Պի. Էյ. Օրլանտօ Վերջ Դրաւ Քլիվլենտի Յաջորդական Յաղթանակներուն

Երէկ «Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումներուն, Օրլանտոյի «կախարդութիւնը» վերջ դրաւ Քլիվլենտ Քեվելիրզի 16 մրցումներու յաղթական շարքին: Մեճիք 108-103 արդիւնքով կրցաւ յաղթել Քլիվլենտին` Օհայոյի մէջ, շնորհիւ Փաուլօ Պանչերոյի (24 կէտ) եւ Ֆրանց Վակնըրի (22 կէտ) կարեւոր կողովներուն: Վերջին անգամ 4 փետրուարին պարտութիւն կրած Քլիվլենտ (Պոսթընէն) վերջին վայրկեանին կորսնցուց 5 առիթ, որոնց երեքը` «Օլ Սթար»-ի աստղերէն Տոնավըն Միչելի միջոցով: Պանչերօ 3 կէտեր նշանակեց...

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Կրնար Յաղթել Սաժեսին… Սակայն  Երէկ Յաղթեց Սանթրալին

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Կրնար Յաղթել Սաժեսին… Սակայն Երէկ Յաղթեց Սանթրալին

Ուրբաթ գիշեր Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանին գծով ծայր աստիճան հետաքրքրական մրցումի մը ընթացքին ՀՄԸՄ գրեթէ ամբողջ մրցումը Սաժեսէն աւելի լաւ ըլլալէ ետք վերջին 0.04 երկվայրկեանին կորսնցուց մրցումը 1 կէտի տարբերութեամբ: Շատ պատճառներ կային այս արդիւնքին համար, եւ եթէ անոնց մասին հետաքրքրուինք, կրնանք այպանել իրաւարարները, մեր մարզիչը, մեր մարզիկները, բայց ի վերջոյ տեղ մը մէկը սխալ պիտի գործէ, որ...

«Եու. Է. Էֆ. Ա.». Ազգերու Լիկա  Ճոն Վան՛թ Սխիփ 23 Մարզիկ Ընտրեց Ազգային Խումբին Համար

«Եու. Է. Էֆ. Ա.». Ազգերու Լիկա Ճոն Վան՛թ Սխիփ 23 Մարզիկ Ընտրեց Ազգային Խումբին Համար

Հայաստանի ազգային խումբի գլխաւոր մարզիչ Ճոն Վան՛թ Սխիփ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի պաշտօնական կայքին հետ զրոյցի մը ընթացքին խօսեցաւ ազգային խումբ հրաւիրուած մարզիկներուն մասին: «Սկիզբէն հրաւիրուած ֆութպոլիստներու թիւը աւելի էր: Դժբախտաբար, վիրաւոր ըլլալուն պատճառով մեզի չի կրնար օգնել խումբին լաւագոյն մարզիկներէն Էտուարտ Սփերձեան: Ես խօսեցայ Էտուարտի հետ, ան շատ կը ցաւի, որ չի կրնար միանալ խումբին եւ անհամբեր կը սպասէ մեր...

Ալեքս Ֆերկուսըն Կը Վերադառնայ…

Ալեքս Ֆերկուսըն Կը Վերադառնայ…

Սկովտիացի աշխարհահռչակ մարզիչ Սըր Ալեքս Ֆերկուսըն կը պատրաստուի վերադառնալ մարզչական գործունէութեան, մէկ մրցումի համար: Արդարեւ, Ֆերկուսըն պիտի վերադառնայ մաս կազմելու Ճիուզեփէ Ռոսիի հրաժեշտի մրցումին` իբրեւ մարզիչ: Իտալիոյ ազգային խումբի նախկին յառաջապահ Ճիուզեփէ Ռոսի 22 մարտին Ֆլորանսի մէջ պիտի կատարէ իր հրաժեշտի մրցումը, որուն պիտի մասնակցին «Սերի Ա.»-ի պատմական մարզիկներ, ինչպէս նաեւ իր նախկին մարզիչ Սըր Ալեքս Ֆերկուսըն, երբ ան Մանչեսթըր...

«Էն. Պի. Էյ.» Պոսթըն Դժուար Յաղթանակ Մը Արձանագրեց.  Կոլտըն Սթէյթ Յաղթեց Նիւ Եորքին

«Էն. Պի. Էյ.» Պոսթըն Դժուար Յաղթանակ Մը Արձանագրեց. Կոլտըն Սթէյթ Յաղթեց Նիւ Եորքին

Քրիսթափս Փորզինկիս 24 կէտ նշանակեց 8 մրցումներ բացակայելէ ետք (հիւանդ ըլլալուն պատճառով) եւ Փէյթըն Փրիչըրտ «Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցանիշ հաստատեց Պոսթընի յաղթանակին ընթացքին` Պրուքլինի մէջ (115-113): Ճէյսըն Թէյթըմ 20 կէտ եւ 8 ռիպաունտ ձեռք ձգեց Պոսթըն Սելթիքսի հաշուոյն, մինչ Փրիչըրտ 22 կէտ նշանակեց պահեստի աթոռներէն դուրս գալով հաստատելով մրցանիշ մը ամէնէն շատ 3 կէտնոց կողովները նշանակելով իբրեւ պահեստի մարզիկ: Փրիչըրտ...

«Ֆորմիւլա 1».  Նորիս Շահեցաւ Աւստրալիոյ Կրան Փրին

«Ֆորմիւլա 1». Նորիս Շահեցաւ Աւստրալիոյ Կրան Փրին

«Ֆորմիւլա 1»-ի տարին սկսաւ երէկ առաւօտ, երբ տարուան առաջին կրան փրին տեղի ունեցաւ Աւստրալիոյ մէջ, ուր անձրեւոտ եղանակի ներքեւ տեղի ունեցած մրցումէ մը ետք, բրիտանացի Լանտօ Նորիս իր «Մաքլարեն»-ով կրցաւ դիմանալ վերջին երկու շրջաններու ճնշումին, որ վրան բանեցուց վերջին 4 տարիներու աշխարհի ախոյեան Մաքս Վերշթափըն իր «Ռետ Պուլ»-ով: 2022-ի Սպանիոյ կրան փրիէն վերջ եւ 1029 օրեր ետք առաջին անգամ ըլլալով...

Աղջկանց Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն.  Վաղը` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Պքեննեյա Երթի Վերջին Մրցումը

Աղջկանց Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Պքեննեյա Երթի Վերջին Մրցումը

Լիբանանի աղջկանց պասքեթպոլի ախոյեանութեան երթի իր վերջին մրցումին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս վաղը գիշեր ժամը 21:00-ին Մըզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Պքեննեյան: 6-րդ դիրքը գրաւող Պքեննեյա միջակ խումբ մըն է, եւ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի աղջիկները պէտք է իրենք զիրենք գտնեն մանաւանդ անցեալ երեքշաբթի գիշեր Ռիատիէն (99-60) Մանարայի դաշտին վրայ ծանր պարտութենէն ետք: Համակիրներուն ընկերակցութեամբ ՀՄԸՄ Անթիլիասի...

Page 133 of 1275 1 … 132 133 134 … 1,275

Արխիւներ