Անգլիական «Տը Թայզմ»-ի լրագրող Ճէյմս Կիրպրենթ վերջերս գրած է հայազգի ֆութպոլիստ Հենրիխ Մխիթարեանի մասին:
Լրագրողը խօսած է հայ ֆութպոլիստի տաղանդին, նուիրուածութեան, ինչպէս նաեւ ժամանակի յաղթահարումին մասին:
Վեթերանը ձեռք կը ձգէ ասպարէզի լաւագոյն ցուցանիշերը` «Սերի Ա.»-ի պարագլուխի դիրքը գրաւող խումբին հետ: Ո՞րն է անոր մղիչ ուժը վայելելու այն տարեշրջանները, որոնք իր հայրը, որ ուղեղի քաղցկեղէ մահացաւ 33 տարեկանին, երբեք չէ վայելած:
Հենրիխ Մխիթարեան Տորթմունտի հետ խաղցած տարիներուն նկատեց, որ անոր մականունը սխալ ձեւով կը տարածուի: Եուրկըն Քլոփ (օրուան մարզիչը) զինք «Միքի» կ՛անուանէր, եւ այդ անունը սկսաւ տարածուիլ…
Յոյսով, որ սխալը շտկուի, ան ազնիւ յայտարարութիւն տարածեց` գրելով. «Ես օտար երկիր եկած եմ եւ կը յարգեմ անոր օրէնքներն ու աւանդութիւնները. իմ կարգիս, կը ցանկամ, որ անոնք ալ յարգեն իմ սէրս` հայրենիքիս եւ արմատներուս նկատմամբ»: Սակայն օրերը փաստեցին, թէ պարտուող պայքար կը մղէ ան: Ի վերջոյ ան սիրով ընդունեց ծածկանունը, նոյնիսկ օգտագործելով «Ինսթակրամ»-ի իր հաշիւը` գրելով Միքի-Թարեան, ձեւով մը դիւրացնելով:
Քանի մը տարի ետք, երբ ան միացաւ Մանչեսթըր Եունայթըտին, մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ զինք անուանեց «Միքի մաուս»: Մարքոս Ռոխօ տակաւին կը յիշէ ինչպէս Մուրինիօ զինք կը ջղայնացնէր փորձի պահուն` անոր մասին ըսելով. «Սորվեցէք ինչպէ՛ս Միքի մաուսը փրեսինկ կ՛ընէ»:
Անգլիոյ ֆութպոլի փայլուն աշխարհին մէջ կեանքը լեցուն է անհեթեթութիւններով, եւ անարգանքով: Փոքր երկրէն ըլլալը մեծ երկիրներու ախոյեանութեան մէջ ոչ միայն կարելիութիւն է կրելու ազգային դրօշը, այլեւ բարդ գործընթաց` ինքնութեան կորուստի բազմաթիւ մարտահրաւէրներով, եւ դուն պէտք է ընտրես, թէ ո՛ր պայքարը աւելի կարեւոր է: Ամէնէն կարեւորը` խօսքը կը վերաբերի այս նուրբ խաղցողին, որ ծնած է Երեւան, Խորհրդային Միութեան օրերուն, եւ որուն լաւագոյն կողմերը ամբողջովին չկրցանք տեսնել, ո՛չ ալ հասկցանք զայն` Անգլիոյ մէջ անցուցած իր տարիներուն:
Ան մարդ մըն է, որ Շախտիորի օրերուն, մրցումներէն 3 օր իր հեռախօսը կ՛անջատէր` պատշաճ կերպով պատրաստուելու համար: Ան այդ ֆութպոլիստն է, որ Անգլիա տեղափոխուելէ ամիսներ առաջ ուսումնասիրած էր Մանչեսթըրի եւ Անգլիոյ ընկերային կեանքի պատմութիւնը, որպէսզի հասկնայ, թէ մարդիկ ինչպէ՛ս կ՛ապրին հոն, եւ ի՛նչը կը մղէ զիրենք դէպի առաջ: Սա այն մարդն է, որ 7 լեզուներու կը տիրապետէ եւ նշած է, որ եթէ ֆութպոլիստ չդառնար, իրաւաբան կ՛ուզէր ըլլալ:
Ինթերի հետ մրցումէ մը ետք, Մխիթարեան հայ լրագրողի մը հետ զրոյցի պահուն ըսած է, թէ առաջին կիսախաղին շատ ցած նիշ ստանալէ եւ երկրորդ կիսախաղին էսիսթ մը տալէ ետք ցուցանիշները բարելաւուած են: Ան պարզապէս ըսած է, է այդ վիճակագրութիւնները այդքան ալ կարեւոր չեն իր խաղը գնահատելու: Այդ մէկը լիովին արդար չէ:
Բնական ֆութպոլիստներ այս ձեւով չեն արտայայուիր, բայց իրաւաբանի կարողութիւններով օժտուած Հենրիխ այդպէս է:
Ան 36 տարեկանին Սիմոնէ Ինցակի ղեկավարութեամբ կը ցուցաբերէ իր ասպարէզի լաւագոյն ֆութպոլը: Ան Ինթերի 4-րդ ամէնէն շատ վայրկեաններու մասնակցած մարզիկն է, որ մարզիկն է, որ մարզիչին կողմէ շատ բարձ կը գնահատուի:
Ինցակի իր մասին կ՛ըսէ. «Մխիթարեան չափազանց խելացի խաղցող է, միշտ խումբին ծառայելու պատրաստ: Ան շատ կ՛աշխատի: Ռոմայի եւ Արսենալի հետ ան տարբեր դիրքերու վրայ կը խաղար: Մեր միջնապահները երեք մարզիկներ են, որոնք յաճախ կը փոխեն իրենց դիրքերը, եւ այդ պատճառով ալ ան յաճախ կը գտնուի բերդէն հեռու: Ան աւելի պաշտպանողական գործով զբաղած է, բայց ատիկա անոր չի խանգարեր, որ փայլի: Ան Ինթերի հետ իր ասպարէզի ամէնէն շատ ճշգրիտ փոխանցումներու քանակը ունի, ինչպէս նաեւ Ինթերի առաջին դիրքը կը գրաւէ մրցակիցէ գնդակ խլելու առումով, ինչպէս նաեւ փոխանցումներով: Ճիշդ է, որ ան աւելի խորքը կը խաղայ, բայց կը շարունակէ ազդեցիկ ըլլալ նաեւ յարձակումներ կազմակերպելու մէջ:
Վերջերս Ֆեյենուրտի դէմ մրցումին ան փայլեցաւ իրմէ 15 տարի աւելի երիտասարդ մրցակիցներու դէմ` դիւրութեամբ խլելով գնդակը անոնցմէ, կատարելով երկար ճշգրիտ փոխանցումներ 50 մեթրէն: Օրին, Ինթերի պատմական յետսապահներէն Ճիուզեփէ Պերկոմտ զինք ընտրեց մրցումի լաւագոյն մարզիկը:
Այժմ ան պատմական կարելիութեան առջեւ կը գտնուի: Ինթեր պիտի մրցի Պայերն Միւնիխի դէմ («Չեմփիընզ լիկ»-ի գծով) քառորդ աւարտականին, իսկ եթէ յաղթէ, կիսաւարտականին Պարսելոնան կամ Մխիթարեանի նախկին ակումբը` Տորթմունտ կրնայ ըլլալ մրցակիցը:
Եթէ Ինթեր Միլան շահի այս տարուան «Չեմփիընզ լիկ»-ը, Մխիթարեան պիտի դառնայ պատմութեան առաջին մարզիկը, որ կը յաղթէ «Եուրոփա լիկ»-ը, «Քոնֆերենս լիկ»-ը, ինչպէս նաեւ «Չեմփիընզ լիկ»-ը: Ան արդէն միակն է, որ խաղցած է այս բոլոր մրցաշարքերու աւարտականներուն:
36 տարեկան Մխիթարեան կը շարունակէ գրել իր անունը եւրոպական ֆութպոլի պատմութեան մէջ:
Իրեն համար գլխաւոր շարժիչ ուժը անձնական: Անոր հայրը` Համլեթ Մխիթարեան տաղանդաւոր ֆութպոլիստ էր, որ Երեւանի Արարատի եւ Ֆրանսայի Վալանսի հետ խաղցած էր, սակայն 33 տարեկանին մահացած ուղեղի քաղցկեղի պատճառով:
Ինք կ՛ըսէ, որ իր նպատակն է շարունակել այն, ինչ որ չկրցաւ աւարտել հայրը: Այսօր ան 36 տարեկանին կը շարունակէ խաղալ ամէնէն բարձր մակարդակով` ապացուցելով, որ ֆութպոլի ուղին միայն անձնական նուաճումներու մասին չէ, այլ նաեւ յիշատակի տուրք` իր հօրը: Անոր ասպարէզի աշունը այդ տարիներն են, զորս իր հայրը երբեք չկրցաւ ունենալ: