Անգլիոյ ազգային խումբի եւ Թոթենհամի նախկին միջնապահ Պեմիտելի Ճերմէյն «Տելի» Ալլի իր առաջին ելոյթը ունեցաւ «Սերի Ա.»-ի մէջ Քոմօ խումբին հետ, սակայն… 10 վայրկեան ետք վտարուեցաւ:
Ան իր վերջին մրցումը կատարած էր թրքական Պեշիքթաշ ակումբին հետ 26 փետրուար 2023-ին:
735 օր ֆութպոլէ հեռու մնալէ ետք, ան դաշտ ներկայացաւ երկար բացակայութենէ ետք (վիրաւորուած ըլլալուն պատճառով), երբ 81-րդ վայրկեանին մարզիչ Սեսք Ֆապրեկաս զինք ներկայացուց փոխարինելու Լուքաս Տա Քունիան: 10 վայրկեան ետք ան քիչ մը կարծր ֆաուլ մը կատարեց իր ազգակից Ռուպեն Լոֆթըս – Չիքի (Ա. Սէ. Միլան) դէմ եւ դեղին քարտ մը ստացաւ: ՎԱՐ-ի ճշդումէն վայրկեան մը ետք անոր դեղին քարտը փոխուեցաւ կարմիրի…
Տելի Ալլի 2015-էն ի վեր Թոթենհամի եւ Անգլիոյ ազգային խումբին հետ փայլուն օրեր կը խոստանար եւ կը նկատուէր իր սերունդի լաւագոյն տաղանդներէն:
2019-ին, երբ Թոթենհամի մարզիչ նշանակուեցաւ Ժոսէ Մուրինիօ, անոր մակարդակը ետ մնալու սկսաւ: Երբ 2021-ին Նունօ մարզիչ նշանակուեցաւ, փորձեց զինք դաշտ ներկայացնել, մանաւանդ որ ան վիրաւորուելէ ետք 2020-ին, մակարդակի նահանջ արձանագրած էր: Նունօ եկար չմնաց պաշտօնին վրայ, եւ Անթոնիօ Քոնթէի ժամանումով ան այլեւս տեղ չունէր խումբին մէջ: 2022-ին ան միացաւ Էվըրթընին, ուր հազիւ 13 մրցում խաղցած, փոխ տրուեցաւ Պեշիքթաշի: 13 մրցում եւս` վերադարձ Էվըրթըն վիրաւոր վիճակով մինչեւ անցեալ յունուար, երբ միացաւ Քոմոյի: Ֆապրեկաս յունուարին յայտնած էր, թէ շատ հաւանաբար ան այս տարեշրջանին դաշտ չներկայանայ, որպէսզի լաւապէս ապաքինի: