Սկովտիացի աշխարհահռչակ մարզիչ Սըր Ալեքս Ֆերկուսըն կը պատրաստուի վերադառնալ մարզչական գործունէութեան, մէկ մրցումի համար:
Արդարեւ, Ֆերկուսըն պիտի վերադառնայ մաս կազմելու Ճիուզեփէ Ռոսիի հրաժեշտի մրցումին` իբրեւ մարզիչ:
Իտալիոյ ազգային խումբի նախկին յառաջապահ Ճիուզեփէ Ռոսի 22 մարտին Ֆլորանսի մէջ պիտի կատարէ իր հրաժեշտի մրցումը, որուն պիտի մասնակցին «Սերի Ա.»-ի պատմական մարզիկներ, ինչպէս նաեւ իր նախկին մարզիչ Սըր Ալեքս Ֆերկուսըն, երբ ան Մանչեսթըր Եունայթըտի մարզիկ էր:
Ռոսի 2023-ի ամրան լքեց ֆութպոլը, սակայն առիթ չունեցաւ հրաժեշտի մրցում մը կազմակերպելու:
Ըստ «Քորիերէ Տելլօ Սփորթ»-ի, Ռոսի հաստատեց, որ Լուքա Թոնի, Անթոնիօ Քասանօ, Սեպասթիան Ֆրէյ, Պորխա Վալերօ եւ Կապրիէլ Պաթիսթութա մաս պիտի կազմեն իր նախկին Ֆիորենթինա խումբին:
Ֆերկուսըն Ռոսիին առիթ տուած էր 2004-ին իր արհեստավարժ ասպարէզը սկսելու Եունայթըտի հետ:
«Ան ներկայ պիտի ըլլայ իբրեւ մարզիչ: Ան իմ առաջին մարզիչս էր: 17 տարեկանիս ստորագրեցի իմ առաջին արհեստավարժ պայմանագրութիւնս», ըսաւ Ռոսի:
«Ես միայն երեք տարի մաս կազմեցի իր խումբին եւ քիչ թիւով ելոյթներ ունեցայ, բայց ան անմիջապէս համաձայնեցաւ ներկայ ըլլալու, բան մը, որ կը փաստէ ի՛նչ տեսակ մարդ ըլլալը: Ես շատ բան չկատարեցի Եունայթըտի շապիկով, բայց ան հետս վարուեցաւ կարծես Ռոնալտոն ըլլայի, որ մօտ 1,000 կոլ նշանակած է»:
Ռոսի 2004-էն 2007 մաս կազմած էր Եունայթըտի, 14 ելոյթներ ունենալով եւ նշանակելով 4 կոլ: Ան 2013-էն 2017 խաղցաւ Ֆիորենթինայի հետ, ուր 42 մրցումներու ընթացքին նշանակեց 19 կոլ:
«Շատ հաճելի երեկոյ մը պիտի ըլլայ… տօնակատարութիւն` Ֆլորանսի եւ Ֆիորենթինայի համակիրներուն համար: Ֆլորանսը ինծի համար երկրորդ տուն մըն է… երբ նայիմ իմ անցեալիս, աղուոր զգացում մըն է: Սքանչելի ժամանակ ունեցայ հոս, դաշտին վրայ եւ դուրսը: Հակառակ անոր որ միայն 3 տարիներ հոս էի, սակայն ունիմ շատ աղուոր յիշատակներ, որոնք պատմական են ինծի համար, դժուար պահեր ալ ունեցայ հոս` վիրաւորուելով…», աւելցուց Ռոսի:
Ֆերկուսըն կը նկատուի ֆութպոլի պատմութեան ամէնէն յաջող մարզիչներէն մէկը: Ան Մանչեսթըր Եունայթըտը մարզած է 1986-էն 2013, ուր շահած է 13 «Փրեմիեր լիկ»-ի տիտղոսներ, 5 Անգլիոյ բաժակի տիտղոս եւ 2 «Չեմփիընզ լիկ»: