«Ֆորմիւլա 1»-ի տարին սկսաւ երէկ առաւօտ, երբ տարուան առաջին կրան փրին տեղի ունեցաւ Աւստրալիոյ մէջ, ուր անձրեւոտ եղանակի ներքեւ տեղի ունեցած մրցումէ մը ետք, բրիտանացի Լանտօ Նորիս իր «Մաքլարեն»-ով կրցաւ դիմանալ վերջին երկու շրջաններու ճնշումին, որ վրան բանեցուց վերջին 4 տարիներու աշխարհի ախոյեան Մաքս Վերշթափըն իր «Ռետ Պուլ»-ով:
2022-ի Սպանիոյ կրան փրիէն վերջ եւ 1029 օրեր ետք առաջին անգամ ըլլալով վարորդներու դասաւորումը գլխաւորեց Մաքս Վերշթափընէն տարբեր անուն մը:
Լանտօ Նորիս, որ փոլ փոզիշընէն սկսած էր մրցումը, ինչպէս նշեցինք, շատ ճնշումի ենթարկուեցաւ մանաւանդ վերջին երկու շրջաններուն, երբ ախոյեան Վերշթափըն ամէն ձեւով փորձեց մօտենալ, մրցումի մը, ուր տեղի ունեցան կլիմայական շատ փոփոխութիւններ, որոնց պատճառով արկածներ տեղի ունեցան եւ քանի մը անգամ «սէյֆթի քար»-ը (ապահովութեան ինքնաշարժ) մուտք գործեց:
Մինչ «Մաքլարեն»-ները լաւ ձեւով սկսած կը գրաւէին առաջին երկու դիրքերը, շրջավազքը հետզհետէ բարելաւուեցաւ, եւ վարորդները իրենց անիւները փոխելով լուրջ մրցումի սկսան մինչեւ տեղատարափ անձրեւի սկսիլը մրցումի երկրորդ կիսուն, ուր երկու «Մաքլարեն»-ներն ալ շրջավազքէն դուրս խոտերուն վրայ հասան, բան մը, որ ուշացուց Օսքար Փիասթրին, մինչ Նորիս աւելի շուտ վերադառնալով անիւները փոխեց, ինչպէս բոլորը:
Փիասթրի աւարտէն 2 շրջան առաջ իր հաւասարակշռութիւնը կորսնցնելով 9-րդ դիրքը գրաւեց, մինչ Նորիս առաջին մնաց 0,8 երկվայրկեանի տարբերութեամբ Վերշթափընի վրայ: Երրորդ դիրքը գրաւեց «Մերսետես»-ի վարորդ Ճորճ Ռասըլ (Բրիտանիա)` ամբողջացնելով փոտիումը:
18 տարեկան Քիմի Անթոնելլի («Մերսետես») 16-րդ դիրքէն սկսելով 5-րդ դիրքի վրայ աւարտեց մրցումը` վերջին շրջանին 4-րդ դիրքը զիջելով «Ուիլիամս»-ի Ալեքս Ալպոնին:
«Ֆեռարի» շատ յաջող մրցում չունեցաւ, ուր Շարք Լըքլեր 8-րդ դիրքը գրաւեց, իսկ Լուիս Համիլթըն` 10-րդ դիրքը:
«Ռետ Պուլ»-ի սկսնակ վարորդ Լիամ Լոսըն չկրցաւ աւարտել մրցումը` Կապրիէլ Պորթոլեթոյի հետ արկած մը ունենալէ ետք, երբ երկուքն ալ սահեցան ջուրին վրայ:
Ստորեւ` առաջին կրան փրիի արդիւնքները: Նշենք, որ երկրորդ կրան փրին տեղի պիտի ունենայ Չինաստանի Շանկհայ քաղաքին մէջ, այս շաբաթավերջին.
ԿԷՏ | |
1.- Լանտօ Նորիս («Մաքլարեն») | 25 |
2.- Մաքս Վերշթափըն («Ռետ Պուլ») | 18 |
3.- Ճորճ Ռասըլ («Մերսետես») | 15 |
4.- Ալեքս Ալպոն («Ուիլիամս») | 12 |
5.- Քիմի Անթոնելլի («Մերսետես») | 10 |
6.- Լանս Սթրոլ («Ասթոն Վիլա») | 8 |
7.- Նիքօ Հուլքենպերկ («Քիք Սաուպըր») | 6 |
8.- Շարլ Լըքլեր («Ֆեռարի») | 4 |
9.- Օսքար Փիասթրի («Մաքլարեն») | 2 |
10.- Լուիս Համիլթըն («Ֆեռարի») | 1 |