Երէկ «Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումներուն, Օրլանտոյի «կախարդութիւնը» վերջ դրաւ Քլիվլենտ Քեվելիրզի 16 մրցումներու յաղթական շարքին:
Մեճիք 108-103 արդիւնքով կրցաւ յաղթել Քլիվլենտին` Օհայոյի մէջ, շնորհիւ Փաուլօ Պանչերոյի (24 կէտ) եւ Ֆրանց Վակնըրի (22 կէտ) կարեւոր կողովներուն:
Վերջին անգամ 4 փետրուարին պարտութիւն կրած Քլիվլենտ (Պոսթընէն) վերջին վայրկեանին կորսնցուց 5 առիթ, որոնց երեքը` «Օլ Սթար»-ի աստղերէն Տոնավըն Միչելի միջոցով:
Պանչերօ 3 կէտեր նշանակեց եւ Մեճիք 104-103 արդիւնքով յառաջացաւ, մինչ միւս կողմէ Տէանտրէ Հանթըր հանգիստ 3 կէտնոց կողով մը կորսնցուց: Քելտուել – Փոփ 2 ազատ հարուածներ նշանակեց աւարտէն 31 երկվայրկեան առաջ, մինչ Մաքս Սթրաս 3 կէտի առիթ ունէր (հաւասարեցնելու արդիւնքը), բայց կորսնցուց: Քլիվլենտ վերստին ստացաւ գնդակը, եւ Միչել 2 անգամ 3 կէտնոց կողովի առիթ ունէր, սակայն անյաջող փորձերը առիթ տուին, որ Օրլանտօ յաղթէ:
Անցեալ տարուան Արեւմտեան շրջանի աւարտականին հասած Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ 128-102 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Եութա Ճեզը:
Անթոնի Էտուըրտծ 41 կէտ նշանակեց, մինչ Ճէյտըն Մաքտենիըլզ 20 կէտ եւ 12 ռիպաունտ ձեռք ձգեց: Ճուլիըս Ռենտըլ եւ Տոնթէ Տիվենաենցօ 11-ական կէտեր նշանակեցին ի նպաստ Մինեսոթայի, որ իր յաջորդական 8-րդ յաղթանակը տօնեց դասաւորման մէջ աւելի եւս բարձրանալով: Այժմ 7-րդ դիրքը գրաւող Մինեսոթա չնչին տարբերութիւն ունի (3 յաղթանակ) Բ. դիրքը գրաւող Մեմֆիս Կրիզլիզի հետ:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Քլիվլենտ Քեվելիրզ – Օրլանտօ Մեճիք 103-108
Տալաս Մեւրիքս – Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ 125-130
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Ֆինիքս Սանզ 107-96
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Թորոնթօ Ռեփթըրզ 105-102
Պրուքլին Նեթց – Աթլանթա Հոքս 122-114
Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ – Եութա Ճեզ 128-102
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Չարլոթ Հորնեթց 123-88
Միլուոքի Պաքս – Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 105-121