Մարզական

Լիբանանի Տղոց Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն.  Վաղը` ՀՄԸՄ – Սանթրալ

Լիբանանի Տղոց Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ – Սանթրալ

Վաղը կէսօրէ ետք ժամը 16:45-ին Մըզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ ՀՄԸՄ-ի տղոց խումբը մօտ 40 ժամուան ընթացքին իր երկրորդ մրցումը պիտի կատարէ` հիւրընկալելով Սանթրալը (Մարքազիյյէ Ճիւնին): Համակիրներու ներկայութեան, այս մրցումը առիթ պիտի ըլլայ այս տարեշրջանի 3-րդ մրցումը կատարելու մեր դաշտին վրայ, ուր առաջին անգամ ըլլալով ելոյթ պիտի ունենայ Տի. Ճէյ. Քենետին, որ մօտ շաբաթ մը...

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Բաժակներ.  Եունայթըտ 4-1 Արդիւնքով Յաղթեց Սոսիետատին

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Բաժակներ. Եունայթըտ 4-1 Արդիւնքով Յաղթեց Սոսիետատին

Մանչեսթըր Եունայթըտի գլխաւոր մարզիչ Ռուպեն Ամորիմ, «Եուրոփա լիկ»-ի 1/8-րդ հանգրուանի գծով Ռէալ Սոսիետատի դէմ (4-1) դարձի մրցումին յաղթելէ ետք մեկնաբանած է խումբին ելոյթին մասին: «Շաբաթը շատ գոհացուցիչ էր: Մենք ցոյց տուինք, թէ ինչի՛ ընդունակ ենք ապագային: Այսօր խումբը հիանալի ելոյթ ունեցաւ, յատկապէս ֆիզիքական պատրաստ մակարդակով: «Եուրոփա լիկ»-ին վիճակը ամբողջովին տարբեր է այլ մրցումներէ: Ունէինք դժուար շաբաթ մը, որ յաջողութեամբ աւարտեցինք»,...

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Վաղը` «Ի. Էֆ. Էլ.» Բաժակի Աւարտականին` Լիվըրփուլ – Նիւքեսըլ

Եւրոպական Ֆութպոլ. Վաղը` «Ի. Էֆ. Էլ.» Բաժակի Աւարտականին` Լիվըրփուլ – Նիւքեսըլ

Այս շաբաթավերջին Եւրոպայի լաւագոյն 5 երկիրներու ախոյեանութեան մրցումներուն հետաքրքրական ճակատումներ տեղի պիտի ունենան: Անգլիոյ մէջ, «Փրեմիեր լիկ»-ի գծով վաղը Արսենալ պիտի հիւրընկալէ Չելսին, Լոնտոնի տերպիի մրցումին: «Փրեմիեր լիկ»-ի առաջին դիրքը գրաւող Լիվըրփուլ վաղը Ուեմպլիի դաշտին վրայ պիտի մրցի Նիւքեսըլի դէմ, Անգլիոյ այս տարեշրջանի առաջին տիտղոսին` «Ի. Էֆ. Էլ.» բաժակի աւարտականին: Առնը Սլոթ պիտի փորձէ իր առաջին եղանակին տիտղոսով սկսիլ` շահելով...

«Էն. Պի. Էյ.»  Քըրրի Հասաւ Ասպարէզի 4 Հազարերորդ 3 Կէտնոց Կողովին

«Էն. Պի. Էյ.» Քըրրի Հասաւ Ասպարէզի 4 Հազարերորդ 3 Կէտնոց Կողովին

Սթեֆ Քըրրի երէկ դարձաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան առաջին մարզիկը, որ 4 հազար 3 կէտնոց յաջող կողովներ նշանակեց, Տրէյմընտ Կրին 23 կէտ նշանակեց եւ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 130-104 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սաքրամենթօ Քինկզը` յաջորդական 6-րդ յաղթանակը արձանագրելով: Իր 37-րդ տարեդարձէն (այսօր) օր մը առաջ, երկու անգամ «Էն. Պի. Էյ.»-ի «Էմ. Վի. Փի.»-ին 2 յաջող 3 կէտնոց կողովներու պէտք ունէր հասնելու...

Պասքեթպոլ.  Այսօր` Սաժես – ՀՄԸՄ

Պասքեթպոլ. Այսօր` Սաժես – ՀՄԸՄ

Այսօր երեկոյեան ժամը 22:15-ին, Ղազիրի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի խումբը ախոյեանութեան 5-րդ մրցումը պիտի կատարէ Սաժեսի դէմ: ՀՄԸՄ իր նախկին 4 մրցումներուն երկու յաղթանակներ եւ երկու պարտութիւններ արձանագրած է, յաղթելով Էն. Էս. Էյ.-ի (83-81) եւ Անդրանիկի (97-94), եւ պարտուելով տարեշրջանի բացման մրցումին (88-96) Մէյրուպայէն եւ վերջին յիշատակելի մրցումին Պէյրութի դէմ (105-109), ուր հերոսական մրցում ունեցած էր Ճորտըն Սթիվընզ` նշանակելով...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Լրջօրէն Կը Պատրաստուի

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Լրջօրէն Կը Պատրաստուի

Անցեալ շաբաթ տեղի ունեցաւ Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան վիճակաձգութիւնը, ուր ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ մաս պիտի կազմէ Բ. խմբակին: Նոյն խմբակին մաս պիտի կազմեն նաեւ Պիպլոս, Ուահտէ Ռիատի Շհիմ, Թաատոտ, Շհիմ Ռիատի եւ Մասիս: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ արդէն իսկ սկսած է լրջօրէն պատրաստուիլ, ուր խումբը ամէն շաբաթ բարեկամական փորձ-մրցումներ կը կատարէ աւելի բարձր դասակարգի խումբերու հետ: Հիլալ Հարեթ Նաամէին 5-3...

Ֆութսալ.  Հայաստանի Ազգային Խումբը Նոր Պատմութիւն Կը Գրէ Մարզական Աշխարհին Մէջ

Ֆութսալ. Հայաստանի Ազգային Խումբը Նոր Պատմութիւն Կը Գրէ Մարզական Աշխարհին Մէջ

Ֆութսալի Հայաստանի ազգային խումբը հիւրընկալեց Ղազախստանի ազգային խումբը եւ 4-2 արդիւնքով յաղթեց անոր` գրաւելով զտումի հանգրուանի խմբակին պարագլուխի դիրքը: Հայաստանի ազգային խումբը պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով պիտի մասնակցի Եւրոպայի ախոյեանութեան: Ֆութսալի ազգային խումբը խմբային որեւէ մարզաձեւ ներկայացնող առաջին խումբն է հայկական մարզական պատմութեան ընթացքին, որ կը հասնի նման յաջողութեան: Եւրոպայի ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ 18 յունուարէն 8 փետրուար 2026`...

Ըմբշամարտ.  Վիգէն Նազարեան Ջախջախիչ Յաղթանակ Արձանագրեց Իր Ազրպէյճանցի Մրցակիցին Վրայ

Ըմբշամարտ. Վիգէն Նազարեան Ջախջախիչ Յաղթանակ Արձանագրեց Իր Ազրպէյճանցի Մրցակիցին Վրայ

Ալպանիոյ մայրաքաղաք Թիրանայի մէջ ըմբշամարտի Եւրոպայի 21 տարեկանէն վար ախոյեանութեան գծով սկսան Յունահռոմէական ըմբշամարտի մրցումները: 87 քկ կշիռի Հայաստանի ներկայացուցիչ Վիգէն Նազարեան 7-0 արդիւնքով ջախջախիչ յաղթանակ տարաւ իր ազրպէյճանցի մրցակիցին վրայ: Հայաստանի այլ ներկայացուցիչներ ունեցան ելոյթներ, որոնց ընթացքին 55 քկ կշիռի ներկայացուցիչ Արայիկ Թոփալեան, 63 քկ կշիռի ներկայացուցիչ Դաւիթ Ժոտեան, ինչպէս նաեւ 72 քկ կշիռի ներկայացուցիչ Մարտիկ Պետրոսեան, բայց երեք...

«Եու. Է. Էֆ. Ա.» Չեմփիընզ Լիկ».  Ռէալ Մատրիտ Փենալթիներով Հասաւ Քառորդ Աւարտական

«Եու. Է. Էֆ. Ա.» Չեմփիընզ Լիկ». Ռէալ Մատրիտ Փենալթիներով Հասաւ Քառորդ Աւարտական

Չորեքշաբթի գիշեր տեղի ունեցան «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի կազմակերպած «Չեմփիընզ լիկ»-ի 1/8-րդ հանգրուանի երկրորդ օրուան մրցումները, որոնց աւարտին Ռէալ Մատրիտ, Պորուսիա Տորթմունտ, Ասթոն Վիլա եւ Արսենալ հասան քառորդ աւարտական: Կանուխ մրցումին, Տորթմունտ, որ երթին Գերմանիոյ մէջ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրած էր ֆրանսական Լիլ խումբին հետ, կրցաւ Ֆրանսայի մէջ յաղթել եւ ապահովել քառորդ աւարտականի իր տոմսը: 5-րդ վայրկեանին քանատացի յառաջապահ...

Էնզօ Ալվես Կրնայ Սպանիան  Ներկայացնել

Էնզօ Ալվես Կրնայ Սպանիան Ներկայացնել

Մարսելօ անունը Ռէալ Մատրիտի եւ Պրազիլի ազգային խումբի պատմական մարզիկներէն կրնայ ըլլալ, սակայն հաւանականութիւն կայ, որ անոր զաւակը բարձր մակարդակով այլ երկիր ներկայացնէ: Երէկ, Մարսելոյի աւագ որդին` Էնզօ Ալվես, իր առաջին հրաւէրը ստացաւ, ներկայացնելու Սպանիոյ 17 տարեկանէն վար ազգային խումբը: 15 տարեկան Էնզօ Ալվես մաս կը կազմէ Ռէալ Մատրիտի ակադեմիային, ուր կը խաղայ նաեւ 17 տարեկանէն վար խումբէն: Սպանիոյ մէջ...

«Էն. Պի. Էյ.»  Օքլահոմա Պարտութեան Մատնեց  Պոսթընը` 118-112

«Էն. Պի. Էյ.» Օքլահոմա Պարտութեան Մատնեց Պոսթընը` 118-112

Շէյ Կիլճիըս - Ալեքզանտր 34 կէտ նշանակեց, իսկ Չեթ Հոլմկրեն 23 կէտ եւ 15 ռիպաունտ ի նպաստ Օքլահոմա Սիթի Թանտըրի, որ 118-112 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Մեսեչուսեթցի մէջ` Պոսթըն Սելթիքսի վրայ: Հաւանական աւարտականի երեւոյթ ունեցող մրցումին, Թանտըր դիմացաւ Պոսթընի 3 կէտերու տարափին եւ յաղթանակ արձանագրեց: Ճէյսըն Թէյթըմ 33 կէտ նշանակեց ի նպաստ Պոսթընի, որ իր 3 կէտերու 63 փորձերէն 20-ը...

Պասքեթպոլ.  Ռիատի – ՀՄԸՄ Անթիլիաս 99-60

Պասքեթպոլ. Ռիատի – ՀՄԸՄ Անթիլիաս 99-60

ՀՄԸՄ Անթիլիաս երեքշաբթի օր 99-60 արդիւնքով ծանր պարտութիւն կրեց Ռիատի Պէյրութէն, այս վերջինիս դաշտին վրայ: Սկիզբէն ՀՄԸՄ Անթիլիաս չկրցաւ կեդրոնանալ մրցումին վրայ, որովհետեւ խումբին օտար մարզիկներէն Ճաքայրա Էլըն «բացակայ» էր: Էլըն ամբողջ մրցումին չկրցաւ կողով նշանակել, եւ իր նշանակած 2 կէտերը ազատ հարուածով էին: Կանուխ ֆաուլեր կատարելէ ետք, ան բնաւ չկրցաւ մտնել մրցումի մթնոլորտին մէջ, ուր Ռիատիի մարզիկները շատ հանգիստ...

Հրաձգութիւն.  Էլմիրա Կարապետեան` Եւրոպայի  Փոխախոյեան

Հրաձգութիւն. Էլմիրա Կարապետեան` Եւրոպայի Փոխախոյեան

Խրուաթիոյ Օսիեք քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի հրաձգութեան ախոյեանութեան մրցումներուն, Հայաստան իր առաջին մետալը շահեցաւ: 10 մեթր օդամղիչ ատրճանակի նշանառութեան աղջկանց մրցումներուն, Էլմիրա Կարապետեան 13-15 արդիւնքով պարտուելէ ետք ռուս Լիուպով Եասկեւիչէն, դարձաւ փոխախոյեան: Զտումի մրցումներուն, Էլմիրա Կարապետեան 48 կէտ հաւաքելով Եւրոպայի նոր մրցանիշ հաստատած էր եւ հասած աւարտական հանգրուան:  

Փոկպայի Պատիժը Աւարտեցաւ

Փոկպայի Պատիժը Աւարտեցաւ

Ֆրանսացի 31 տարեկան միջնապահ Փոլ Փոկպայի կախակայումը աւարտեցաւ պաշտօնապէս, եւ ան կրնայ շարունակել իր ասպարէզը: Փոկպայի վերջին ակումբն էր Թորինոյի Եուվենթուսը, որուն հետ ֆութպոլիստը խզած էր իր պայմանագիրը նախորդ տարուան հոկտեմբերին: Ֆութպոլիստը այժմ կարելիութիւններ կը փնտռէ վերսկսելու իր ասպարէզը: Ինքը` Փոկպա, անձամբ կը նախընտրէ միայն եւրոպական խումբերու առաջարկներ` անշուշտ լաւագոյն 5 ախոյեանութիւններէն: Մարսէյ ակումբը կրնայ ըլլալ միջնապահին հաւանական կազմը: Փոկպա...

Լիվըրփուլ Պիտի Վերամիանայ «Ատիտաս»-ին

Լիվըրփուլ Պիտի Վերամիանայ «Ատիտաս»-ին

«Փրեմիեր լիկ»-ի դասաւորման պարագլուխի դիրքը գրաւող Լիվըրփուլ պիտի վերամիանայ գերմանական «Ատիտաս» ընկերութեան, որ պիտի տրամադրէ յառաջիկայ տարուան խումբին տարազները, առաջին անգամ ըլլալով 13 տարիէ ի վեր: Լիվըրփուլ երրորդ անգամ ըլլալով պիտի կրէ գերմանական ընկերութեան մարզական տարազները 1985-էն 1996 եւ 2006-էն 2012 տարիներէն ետք: 2013-էն ի վեր Լիվըրփուլ նախ կը հագուէր «Ուորիըր», ապա «Նիւ Պելընս», եւ վերջերս` «Նայքի»: «Նոր համաձայնութիւնը պիտի...

«Եու. Է. Էֆ. Ա.» «Չեմփիընզ Լիկ».  Լիվըրփուլ Դուրս Մնաց Փենալթիներով

«Եու. Է. Էֆ. Ա.» «Չեմփիընզ Լիկ». Լիվըրփուլ Դուրս Մնաց Փենալթիներով

Երեքշաբթի գիշեր յստակացան առաջին 4 խումբերը, որոնք հասան այս տարուան «Չեմփիընզ լիկ»-ի քառորդ աւարտական: Անգլիոյ ներկայացուցիչ Լիփըրփուլ իր դաշտին վրայ 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Փարիզ Սեն Ժերմենէն: Մրցումի 120 վայրկեաններուն, երբ արդիւնքը մնաց անփոփոխ, եւ նկատի ունենալով, որ Լիվըրփուլ երթին Փարիզի մէջ նոյն արդիւնքով յաղթած էր, դիմուեցաւ փենալթիներու: Վիթինիա, Կոնսալօ Ռամոս, Ուսման Տեմպելէ եւ Տեզիրէ Տուէ յաջողութեամբ նշանակեցին իրենց...

«Ռուպենին Կը Վստահինք…» Կ՛ըսէ Ռեթքլիֆ

«Ռուպենին Կը Վստահինք…» Կ՛ըսէ Ռեթքլիֆ

Մանչեսթըր Եունայթըտի սեփականատէր Ճեմ Ռեթքլիֆ խօսած է ակումբի գլխաւոր մարզիչ Ռուպեն Ամորիմի մասին: Ռեթքլիֆ, հակառակ ոչ շատ համոզիչ արդիւնքներուն, կ՛աջակցի Ամորիմին: Ըստ իրեն, Ամորիմին կը խանգարեն խումբին վիրաւորները: «Երբ կը նայիմ Ռուպենի կազմին, կը կարծեմ, որ ան իրապէս լաւ աշխատանք կը կատարէ: Ես կը կարծեմ, թէ Ամորիմը ամէնէն տաղանդաւոր երիտասարդ մարզիչներէն մէկն է: Ես իսկապէս այդպէս կը կարծեմ: Ան հիանալի...

«Էն. Պի. Էյ.»  Քլիվլենտ Իր 15-րդ Յաջորդական Յաղթանակը Տօնեց

«Էն. Պի. Էյ.» Քլիվլենտ Իր 15-րդ Յաջորդական Յաղթանակը Տօնեց

Այս տարեշրջանին երկրորդ անգամ ըլլալով Քլիվլենտ Քեվելիրզ յաջորդական 15 մրցումներ արձանագրեց: Երէկ, տարեշրջանի իր 65-րդ մրցումին, Քեվելիրզ 109-104 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Պրուքլին Նեթցը, ձեռք ձգելով իր 55-րդ յաղթանակը: Տարիըս Կարլենտ 30 կէտ եւ 8 էսիսթ ձեռք ձգեց, իսկ Ճերըթ Էլըն (23 կէտ եւ 13 ռիպաունտ) - Էվըն Մոպլի զոյգը (21 կէտ եւ 9 ռիպաունտ) փայլուն ելոյթ մը եւս ունեցաւ Քլիվլենտի...

Կարճ Լուրեր

Կարճ Լուրեր

. ԱԹԼԵԹԻՔ Պիլպաոյի ծայրի յառաջապահ Նիքօ Ուիլիամս այս ամրան պիտի լքէ իր խումբը: Ըստ կարգ մը աղբիւրներու, Ուիլիամս պիտի չմիանայ Պարսելոնային, այլ պիտի մեկնի Անգլիա` միանալու Լոնտոնի Արսենալին: 22 տարեկան Ուիլիամսի համար Արսենալ պատրաստ է 60 միլիոն եւրօ վճարելու: . ՔԱՆԻ մը օր առաջ սկսաւ դատավարութիւնը բժշկական մարմնի 7 անդամներու, որոնք կը մեղադրուին ֆութպոլի պատմութեան լաւագոյն մարզիկներէն Տիեկօ Մարատոնայի մահուան...

Ըմբշամարտ.  Լեւիկ Միքայէլեան Յաղթեց Ազրպէյճանցի Իր Մրցակիցին Եւ Դարձաւ Եւրոպայի Ախոյեան

Ըմբշամարտ. Լեւիկ Միքայէլեան Յաղթեց Ազրպէյճանցի Իր Մրցակիցին Եւ Դարձաւ Եւրոպայի Ախոյեան

Ալպանիոյ մայրաքաղաք Թիրանայի մէջ տեղի ունեցած ազատ ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի 23 տարեկանէն վար ախոյեանութիւնը հասաւ իր աւարտին: Վերջին օրուան մրցումներուն, հայ ըմբիշ Լեւիկ Միքայէլեան 61 քկ կշիռի մրցումներուն 2-1 արդիւնքով յաղթեց Ճէյհուն Ալլահվերտիեւին (Ազրպէյճան) եւ դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան: Լեւիկ Միքայէլեան 2023-ին նոյն մրցակիցէն պարտուած էր 20 տարեկանէն վար Եւրոպայի ախոյեանութեան, եւ ան այս ձեւով այս պարտութեան վրէժը լուծեց: 92 քկ...

Page 134 of 1275 1 … 133 134 135 … 1,275

Արխիւներ