Ռուսիան ներկայացնող Նունէ Ասատրեան, աշխարհի բռնցքամարտի ախոյեանութեան 60 քկ կշիռի մրցումներու աւարտականին յաղթելէ ետք ղազախստանցի Վիքթորիա Կրաֆէեւային, դարձաւ աշխարհի ախոյեան:
Ասատրեանէն անկախ, Ռուսիա երկու մետալ եւս նուաճեց: 75 քկ կշիռի մրցումներուն Անասթազիա Շամոնովա յաղթելէ ետք իրլանտացի Իֆէ Մարի Օ՛Ռուրքին, դարձաւ ոսկի մետալակիր, մինչ 81 քկ կշիռի մրցումներուն Սալթանաթ Մետենովա յաղթելէ ետք թուրք Իսիլտար Պուղրային, իր կարգին ախոյեան դարձաւ:
Ռուս մարզիկները կրնան հանդէս գալ միջազգային մրցաշարքերուն ազգային դրօշակով, ըստ բռնցքամարտի միջազգային ֆետերասիոնի որոշումին, հակառակ անոր որ 2022-ին Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն առաջարկած էր արգիլել անոնց մասնակցութիւնը կարեւոր մրցաշարքերուն: