Պրազիլի ազգային խումբի պատմական յառաջապահներէն Ռոնալտօ յայտարարեց, որ թեկնածութիւնը յետս կոչած է Պրազիլի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահի պաշտօնէն:
Նախապէս ան յայտնած էր իր ցանկութիւնը մասնակցելու 2026-ին նախատեսուած ընտրութիւններուն, սակայն հանդիպելէ ետք դիմադրութեան, որոշած է հրաժարիլ այդ գաղափարէն:
«Ես չկրցայ ներկայացնել իմ նախագիծս, քանի որ 27 նահանգներէն 23-ը փակեցին իրենց դռները իմ թեկնածութեանս առջեւ: Անոնք իրենց աջակցութիւնը յայտնեցին ներկայ ղեկավարութեան եւ ես կը յարգեմ իրենց որոշումը», ըսած է Ռոնալտօ ընկերային ցանցերուն վրայ:
Ռոնալտօ Լուիս Նազարիօ տը Լիմա կամ Ռոնալտօ Ֆենոմենօ 1996-ին, 1997-ին եւ 2002-ին ընտրուած է ՖԻՖԱ-ի տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստը, Պրազիլի հետ շահած էր Մոնտիալը 1994-ին եւ 2002-ին, «Քոփա Ամերիքա»-ն 1997-ին եւ 1999-ին եւ ՖԻՖԱ-ի «Քոնֆետերէյշն Քափ»-ը 1997-ին: