Իր առաջին 66 մրցումներուն 10 պարտութիւն կրելէ ետք, Քլիվլենտ Քեվելիրզ, որ Արեւելեան շրջանի լաւագոյն խումբն է, երէկ կրեց իր յաջորդական երկրորդ պարտութիւնը, երբ Ինկըլվուտի մէջ 132-119 արդիւնքով պարտուեցաւ Լոս Անճելըս Քլիփըրզէն: Քեվելիրզ 16 յաջորդական յաղթանակներ արձանագրած էր, բայց տարեշրջանի կարեւորագոյն ամիսները մօտենալով սկսաւ ետ մնալ եւ պարտութիւններ կրել:
Քուայ Լենըրտ 33 կէտ նշանակեց Քլիփըրզի հաշուոյն, իսկ Իվիցա Զուպաց (28 կէտ եւ 20 ռիպաունտ) եւ Ճէյմս Հարտըն (22 կէտ եւ 9 էսիսթ) օգնեցին Քլիփըրզի, որ արձանագրէ իր 4-րդ յաջորդական յաղթանակը:
Մաքս Սթրաս այս տարեշրջանին իր առաւելագոյն կէտերը նշանակեց (24 կէտ) ի նպաստ Քլիվլենտի, որ իր դաշտէն դուրս արդիւնքները (26 յաղթանակ եւ 7 պարտութիւն) տակաւին «Էն. Պի. Էյ.»-ի լաւագոյնն են: Քլիվլենտ 12 կէտով կը յաղթէր առաջին մասին, սակայն Քլիփըրզ ինքզինք գտաւ, հակառակ մարզիչ Թայրոն Լուի բացակայութեան:
Տոնավըն Միչել (18 կէտ եւ 11 էսիսթ), Տիանտրէ Հանթըր (17 կէտ), Տարիըս Կարլենտ (17 կէտ) եւ Էվըն Մոպլի (17 կէտ) իրենց լաւագոյն օրերուն մէջ չէին, բան մը, որ պատճառ դարձաւ Քլիվլենտի պարտութեան:
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ իր վերջին 10 մրցումներուն արձանագրեց իր 8-րդ յաղթանակը, նոյնիսկ առանց իր թիւ 1 աստղ Սթեֆ Քըրրիի, որ հանգիստի օր առած էր: Ուորիըրզ 104-93 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Միլուոքի Պաքսը: Եաննիս Անթեթոքումփօ 20 կէտ եւ 9 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Քայլ Քուզմա (22 կէտ) եւ Տեմիըն Լիլըրտ (16 կէտ) աւելի նուազ յաջող ելոյթ ունեցան Պաքսի հետ:
Կոլտըն Սթէյթ Ճիմի Պաթլըրի միանալէն ետք (Մայեմի Հիթէն) շատ լաւ արդիւնք ձեռք կը ձգէ, ուր ան 24 կէտ, 10 էսիսթ եւ 8 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Պրենտըն Փոտծիմսքի (17 կէտ), Պատի Հիլտ (15 կէտ), Քուինթըն Փոսթ (14 կէտ) Ճոնաթըն Քամինկա (10 կէտ) եւ Տրէյմընտ Կրին (3 կէտ եւ 10 ռիպաունտ) օգնեցին Կոլտըն Սթէյթին, որ արձանագրէ իր 40-րդ յաղթանակը:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Չարլոթ Հորնեթց – Աթլանթա Հոքս 102-134
Պոսթըն Սելթիքս – Պրուքլին Նեթց 104-96
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Միլուոքի Պաքս 104-93
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Քլիվլենտ Քեվելիրզ 132-119


