Ուրբաթ գիշեր Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանին գծով ծայր աստիճան հետաքրքրական մրցումի մը ընթացքին ՀՄԸՄ գրեթէ ամբողջ մրցումը Սաժեսէն աւելի լաւ ըլլալէ ետք վերջին 0.04 երկվայրկեանին կորսնցուց մրցումը 1 կէտի տարբերութեամբ:
Շատ պատճառներ կային այս արդիւնքին համար, եւ եթէ անոնց մասին հետաքրքրուինք, կրնանք այպանել իրաւարարները, մեր մարզիչը, մեր մարզիկները, բայց ի վերջոյ տեղ մը մէկը սխալ պիտի գործէ, որ մրցակիցը օգտուի եւ յաղթէ:
Եթէ վերադառնանք 4-րդ հանգրուանին գծով Պէյրութի դէմ կատարուած մրցումին, ապա կրնանք ըսել, որ շատ տարբեր բան չկար ուրբաթ օրուան Սաժեսի դէմ մրցումէն, թէեւ Պէյրութ շատ աւելի լաւ խմբային խաղ կը կիրարկէ, քան Սաժես, հակառակ անոր որ Սաժես մեծ թիւով լաւ խաղցողներ ունի, սակայն խումբը մեծ հարցեր ունի, որ մեզի համար ոչինչ կը նշանակէ:
ՀՄԸՄ դաշտ կը ներկայանար իր նոր մարզիկ Տի. Ճէյ. Քենետիով, որ փոխարինած էր Աքսել Թուփանը` իբրեւ աւելի արդիւնաւէտ մարզիկ, բան մը, որ չնկատեցինք առաջին մրցումին:
Քենետի առաջին մասին 1 կողով նշանակեց, Բ. մասին ազատ հարուածներէն 1-ը նշանակեց եւ 3-րդ մասին 4 կէտ աւելցուց` 36 վայրկեանի ընթացքին նշանակելով 7 կէտ եւ 9 ռիպաունտ:
Պէտք է ըսել, որ մրցումին ընթացքին ՀՄԸՄ-ի խոցելի կէտերը ազատ հարուածներն էին: ՀՄԸՄ 27 ազատ հարուածի իրաւունք ստացաւ, բայց միայն 14-ն նշանակեց: Յատկապէս Կապրիէլ Աճէմեան, որ 13 առիթներէն 5-ը միայն նշանակեց: Յստակ է, որ ան շատ պրկուած կը խաղայ:
ՀՄԸՄ-ի վերջին երկու մրցումներուն աստղն էր Ճորտըն Սթիվընզ, որ Պէյրութի դէմ 59 կէտ նշանակելէ ետք, ուրբաթ օր նշանակեց 39 կէտ, որոնց կարգին` 5 յաջող 3 կէտնոց կողովներ, 8 էսիսթ եւ 7 ռիպաունտ:
Ճորտընի կողքին 37 վայրկեան ելոյթ ունեցած Կերի Չիւիչեան 21 կէտ նշանակեց 3 յաջող 3 կէտնոց կողովներով:
Կապրիէլ Աճէմեան առաջին մասին 11 կէտ նշանակելէ ետք մնացեալ 3 մասերուն 5 կէտ կրցաւ աւելցնել միայն, հակառակ անոր որ, ինչպէս նշեցինք, շատ ֆաուլեր կատարուեցան իր վրայ, բայց ան չկրցաւ օգտագործել զանոնք:
Խումբին սենթըրը` Եուաթ Ալոք 14 կէտ նշանակեց 10 ռիպաունտի կողքին եւ կրցաւ ինքզինք զսպել, մանաւանդ որ վերջին 13 վայրկեաններուն ան արդէն իսկ 4 ֆաուլեր ունէր: Ան հազիւ 5 վայրկեան դուրս նստաւ, 4-րդ մասին վերադարձաւ եւ առանց ֆաուլի աւարտեց մրցումը:
Սաժեսի լաւագոյն մարզիկն էր Զաք Լոֆթըն, որ 32 կէտ նշանակեց, մինչ Շապազ Մոհամետ վերջին երկվայրկեանին կասկածելի ֆաուլերով 2 կէտ նշանակեց` մրցումի աւարտէն 0,04 երկվայրկեան առաջ յաղթանակը խլելով ՀՄԸՄ-ի ձեռքերէն:
Մրցումի առաջին 2 վայրկեաններուն միայն Սաժես 5-2 արդիւնքով յառաջ անցած էր, սակայն ՀՄԸՄ-ի տղաքը անմիջապէս անցան Սաժեսին եւ միշտ ալ պահեցին իրենց առաւելութիւնը, մինչեւ մրցումի աւարտէն 0,04 երկվայրկեան առաջ, երբ 98-99 արդիւնքով յաղթած ՀՄԸՄ վերջին 14 երկվայրկեաններուն 4 ազատ հարուածներ կորսնցուց (Կապրիելի կողմէ)` մրցումը աւարտելով 99-100 արդիւնքով:
5-րդ հանգրուանի վերջին մրցումներու գծով Ռիատի 95-79 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Էն. Էս. Էյ.-ը:
5-րդ հանգրուանէն ետք, Ռիատի Սաժես եւ Պէյրութ յաջորդաբար գրաւեցին առաջին երեք դիրքերը` յաղթելով իրենց 5 մրցումները, մինչ ՀՄԸՄ, Անթունիէ եւ Սանթրալ 2 յաղթանակ եւ 3 պարտութիւն ունէին առաջին 5 մրցումներէն:
Երէկ ՀՄԸՄ հիւրընկալեց Սանթրալը, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ:
Երէկ ՀՄԸՄ-ի տղաքը 100-82 արդիւնքով պարտութեան մատնեցին Սանթրալը (Մարքազիյյէ Ճիւնի):
ՀՄԸՄ-ի տղաքը մրցումի սկիզբէն մինչեւ վերջ տիրապետեցին մրցակիցին վրայ, ուր խմբապետ Կերի Չիւիչեան 29 կէտ նշանակեց իր 6 յաջող 3 կէտնոց կողովներով:
Ճորտըն Սթիվընզ 28 կէտ նշանակեց 11 էսիսթի կողքին, մինչ Տի. Ճէյ. Քենետի իր երկրորդ մրցումին համեմատաբար աւելի լաւ էր` նշանակելով 14 կէտ եւ 9 ռիպաունտ: Եոաթ Ալոք 13 կէտ ձեռք ձգեց, մինչ հիմնական կազմէն Կապրիէլ Աճէմեան միայն 6 կէտ նշանակեց, եւ զգալի էր անոր վիճակը ձեւով մը յանցաւոր զգալուն պատճառով Սաժեսի դէմ պարտութեան համար, երբ 4 ազատ հարուածներ կորսնցուցած էր վերջին 18 երկվայրկեաններուն:
Գէորգ Գէորգ վերջապէս առիթ ստացաւ դաշտ ներկայանալու` վերջին անգամ Էն. Էս. Էյ.-ի (2-րդ հանգրուանին) դէմ դաշտ ներկայանալէն ի վեր:
Սանթրալէն Քամերոն Եանկ 26 կէտ նշանակեց, մինչ Քենի Վութըն, որ ՀՄԸՄ-ի հետ պիտի սկսէր տարեշրջանը անցեալ նոյեմբերին, իր առաջին մրցումին 13 կէտ եւ 17 ռիպաունտ ձեռք ձգեց: