Մեքսիքայի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն, Մոնթերէյ 12-րդ հանգրուանին 3-1 արդիւնքով Փումասի դաշտին վրայ կը յաղթէր, երբ 91-րդ վայրկեանին իր սպանացի յետսապահ Սերխիօ Ռամոս ոտքով հարուածեց մրցակից յառաջապահ Կիյերմօ Մարթինեսին, երբ գնդակը արդէն իսկ դուրս եկած էր դաշտէն:
38 տարեկան Ռամոս ուղղակի կարմիր քարտ մը ստացաւ, եւ հաւանական է, որ ան 1-2 մրցումով կախակայոււի:
Այս մրցումը Ռամոսի 5-րդ հանդիպումն էր Մոնթերէի հետ: Ռէալ Մատրիտի պատմական նախկին յետսապահը արդէն իսկ 3 կոլ նշանակած է մեքսիքական ակումբին հետ:


