Պուլկարիոյ մէջ Արտա Քարծալի – Լեւսքի Սոֆիա մրցումէն առաջ որոշուեցաւ 1 վայրկեան լռութեամբ յարգել Արտայի հին աստղերէն Փեթքօ Կանչեւի յիշատակը:
Մրցումը սկսելէ ետք լուրեր տարածուեցան, թէ… 78 տարեկան Կանչեւ մահացած չէ: Աւելի ուշ Արտա խումբը տեղեկանալէ ետք, որ լուրը սխալ է, ներողութիւն խնդրեց Կանչեւէն եւ անոր ընտանիքէն` անոր մաղթելով առողջութիւն եւ երկար տարիներ:
Նոյն պահուն Կանչեւի հեռախօսը կը զանգէր, բայց ան ինքնաշարժը կը վարէր: Հազիւ տուն հասած, կինը զինք ընդունեց արցունքներով եւ գոռալով. «Փեթքօ, Փեթքօ, հեռատեսիլէն յայտարարեցին, թէ մահացած ես»:
«Նախ չհասկցայ, ի՛նչ ըսել կ՛ուզէր կամ ի՛նչ պատահած էր: Աւելի ուշ 2 բարեկամներ ինծի զանգեցին: Ողջ վիճակի մէջ թաղուիլը բաւական դժուար բան է», ըսաւ Կանչեւ, որ 5 տարի խաղցած է Արտայի հետ եւ խումբին պատմական կոլ-սքորըրն էր:


