Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Տպաւորիչ Մրցում Մը Ներկայացնելով Յաղթեց Խըյուլին (2-0)
Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 12-րդ եւ դարձի առաջին հանգրուանին բացման մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ յետմիջօրէին Սաֆայի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Խըյուլ - ՀՄԸՄ մրցումը: Թէեւ Ա. կիսախաղը աւարտեցաւ 0-0 արդիւնքով, սակայն Բ. կիսախաղին ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը հետզհետէ բարելաւելով իր խաղարկութիւնը եւ Ա. կիսախաղին բաղդատած աւելի վտանգելով մրցակիցին բերդը, յաջողեցաւ երկու անգամ ցնցելով անոր բերդին ուռկանը տանիլ վերջնական յաղթանակը`...






