Վիյք աան Զիի ճատրակի միջազգային փառատօնին Բ. մրցաշարքի 5-րդ հանգրուանին իր կատարած մրցումին, Միացեալ Նահանգները ներկայացնող 14 տարեկան կրանտմասթըր Սամուէլ Սեւեան արձանագրեց իր երկրորդ յաջորդական յաղթանակը` սեւ քարերով յաղթելով Վալենթինա Քունինային (69-րդ շարժումին): Սեւեան, իր կատարած առաջին երկու մրցումներուն պարտութիւն կրած էր, ապա` հաւասարութիւն մը արձանագրած:
Այժմ Սեւեան 2,5 կէտով կը գրաւէ 7-րդ դիրքը:
Ինչ կը վերաբերի գլխաւոր` Ա. մրցաշարքին, հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան, որ սեւ քարերով կը մրցէր աշխարհի ախոյեանին` Մակնիւս Քարլսընին դէմ, պարտութիւն մը կրեց անկէ:
Արոնեան այժմ 1,5 կէտով կը գրաւէ 12-րդ դիրքը եւ ցարդ կը մնայ առանց յաղթանակի: