
ԱՏՆԱՆ ՀԱԺ ԱԼԻի
Լիբանանի ֆութսալի ախոյեան Պէյրութի դրամատունը եւ Մայատին հաստատ քայլերով ապահովեցին Լիբանանի ֆութսալի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի իրենց տոմսերը` արձանագրելով իրենց երկրորդ յաղթանակը եւ 2-0 արդիւնքով գերազանցելով իրենց մրցակիցները:
Պէյրութի դրամատունը բաւական հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ Սեն Ժոզեֆի դաշտին վրայ 14-3 արդիւնքով, բաւական ծանր պարտութեան մատնեց Ֆայհա Թրիփոլին:
Յաղթական կազմին մարզիկներէն խրուաթ Վլատան Վիզիչ նշանակեց 5 կոլ, մինչ Մուսթաֆա Սըրհալ հեթրիք մը իրագործեց:
Ինչ կը վերաբերի Մայատինին, անիկա 4-1 արդիւնքով յաղթեց Լիբանանեան բանակին:
Վաղը` կիրակի, 18 յունուարին կը սկսին աւարտական մրցումները:
Ախոյեան կը հանդիսանայ այն խումբը, որ հինգ մրցումէ երեք յաղթանակ կ՛արձանագրէ:
Նշենք, որ առաջին մրցումը տեղի պիտի ունենայ Պէյրութի դրամատան դաշտը նկատուող Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ), յետմիջօրէին ժամը 17:00-ին: