ArmSport.am մարզական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ 31 յունուարին Ալաշկերտ պիտի մեկնի Անթալիա (Թուրքիա), ուր 10 օրուան ուսումնամարզական հաւաք մը պիտի կատարէ: Հաւաքին վերջին շրջանին նախատեսուած է կատարել ֆութպոլի բարեկամական երկու մրցում:
8 փետրուարին Ալաշկերտ պիտի մրցի ռումանական «Լիկ-1»-ի «Սի. Էս. Էմ. Էս.-Լասի» խումբին դէմ, որ նշեալ ախոյեանութեան մէջ կը գրաւէ 10-րդ դիրքը:
Երկրորդ մրցումին` 10 փետրուարին հայկական խումբին մրցակիցը պիտի ըլլայ Ռուսիոյ Բ. դասակարգի Ուրալ Փովոլժի ախոյեանութեան մասնակցող Ռուպին Քազան-2 խումբը:
Վերջինս 11 խումբերուն մրցակցութեան մէջ կը գտնուի 6-րդ դիրքին վրայ, կը յայտնէ Ալաշկերտի մամլոյ քարտուղարութիւնը: