Ռէալ Մատրիտի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ պաշտօնապէս ճանչցուեցաւ իբրեւ Փորթուգալի ֆութպոլի պատմութեան լաւագոյն ֆութպոլիստը: Այս մասին յայտնեց «Մարքա» պարբերաթերթը:
Ռոնալտօ յաջողեցաւ գերազանցել այնպիսի անուանի ֆութպոլիստներ, ինչպիսիք են Էօզեպիոն, Լուիս Ֆիկոն:
ArmSport.am կը հաղորդէ, որ ֆութպոլիստը անձամբ ներկայ չէ կրցած գտնուիլ մրցանակի յանձնումի արարողութեան, այլ անոր փոխարէն մրցանակը առած է անոր գործակալը` Ժորժ Մենտես:
«Իբրեւ փորթուգալցի, ինծի համար մեծ պատիւ կը նկատեմ, որ այսպիսի ֆութպոլիստի մը գործակալն եմ: Խօսքս բնականաբար կ՛երթայ 2014-ի «Ոսկիէ գնդակ»-ի տիտղոսին տիրացած ֆութպոլիստին հասցէին»:
Մենտեսի խօսքերը կը մէջբերէ «Մարքա»-ն:
Նշենք, որ Ռոնալտօ Փորթուգալի ֆութպոլի պատմութեան լաւագոյն ֆութպոլիստ ճանչցուեցաւ համացանցի միջոցով համակիրներու քուէարկութեամբ: