Ֆութպոլի միջազգային ֆետերասիոնը` ՖԻՖԱ-ն սկսած է հետաքննութեան, որուն արդիւնքին լոյսին տակ Ռէալ Մատրիտի վրայ կրնայ մարզիկներու փոխանցման արգելք դրուիլ:
Sport.es կայքը կը հաղորդէ, որ արքայական ակումբը կրնայ հետեւիլ Պարսելոնայի, որ իր կարգին օրէնքները խախտած է:
ՖԻՖԱ-ի նախագահ Սեփ Պլեթըր արդէն իսկ կապուած է 20 ակումբներու հետ, որոնք կը համագործակցին Ռէալի հետ, որպէսզի անոնք տեղեկութիւն տան անոր հետ պայմանագիր կնքած պատանի ֆութպոլիստներուն մասին:
Նշենք, որ ՖԻՖԱ-ին կողմէ երկու անգամ կախակայուած Պարսելոնա երկու անգամին ալ բողոքած էր այդ ուղղութեամբ, սակայն մերժուած էր անոր բողոքը: