Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 12-րդ եւ դարձի առաջին հանգրուանին բացման մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ յետմիջօրէին Սաֆայի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Խըյուլ – ՀՄԸՄ մրցումը:
Թէեւ Ա. կիսախաղը աւարտեցաւ 0-0 արդիւնքով, սակայն Բ. կիսախաղին ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը հետզհետէ բարելաւելով իր խաղարկութիւնը եւ Ա. կիսախաղին բաղդատած աւելի վտանգելով մրցակիցին բերդը, յաջողեցաւ երկու անգամ ցնցելով անոր բերդին ուռկանը տանիլ վերջնական յաղթանակը` 2-0 արդիւնքով, եւ դարձի մրցումները սկսիլ յաղթանակով:
Մրցումին 70-րդ վայրկեանին Գէորգ Օհանեան նշանակեց ՀՄԸՄ-ի առաջին կոլը, իսկ այդ կոլէն երեք վայրկեան ետք Քրիսթիան Թիմունեան փենալթիով նշանակեց երկրորդը: Նշենք, որ փենալթին նոյնինքն կատարուած էր Թիմունեանի վրայ:
Հոս տեղին է նշել, որ դարձի այս մրցումին ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբին հետ իր նորամուտը նշեց հայրենի ֆութպոլիստ Արգիշտի Պետրոսեան, որ յաջողեցաւ փաստել ինքզինք` ներկայացնելով տպաւորիչ խաղարկութիւն մը:
ՀՄԸՄ-ի կազմը այս մրցումը աւարտեց տասը մարզիկով, երբ Սերժ Չաքրեան իր երկրորդ դեղին քարտը ստանալով իրաւարարէն ստացաւ կարմիր քարտ մը:
Շնորհաւորելի է ՀՄԸՄ-ի կազմին արձանագրած այս յաղթանակը, մանաւանդ նկատի ունենալով այն կարեւոր կէտը, որ ՀՄԸՄ-ի մարզիկները տուին իրենց առաւելագոյնը եւ լաւապէս գործադրեցին իրենց մարզիչին` Սամուէլ Պօղոսեանի ցուցմունքները: