Կազմակերպութեամբ Լիբանանի վոլիպոլի ախոյեան Շեպիպեթ Պաուշրիէի եւ հսկողութեամբ Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնին, տեղի պիտի ունենայ Անթուան Շարթիէի յիշատակին նուիրուած վոլիպոլի բաժակի մրցում մը` վերոնշեալ կազմակերպիչ խումբին եւ Տալհունի միջեւ:
Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ Մոն լա Սալի դաշտին վրայ (Այն Սաատէ), կիրակի, 18 յունուարին, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին: