Շուէտի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ֆութսալի 2016-ի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ իր կատարած առաջին մրցումին, Հայաստանի ազգային հաւաքականը յաղթանակով սկսաւ մրցաշարքը, երբ 4-3 արդիւնքով յաղթեց դաշտին տիրոջ:
Հայաստանի կոլերը նշանակեցին Հենրիկ Գրիգորեան (5-րդ), Անդրանիկ Կարապետեան (16-րդ եւ 27-րդ) եւ Արմէն Պապայեան (21-րդ):
Նշենք, որ 40-րդ վայրկեանին նոյնինքն Գրիգորեան փենալթի մը (6 մեթր) չկրցաւ կոլի վերածել, մինչ անոր խմբակից Գրիգոր Կապուկրանեան կարմիր քարտ մը ստացաւ (40-րդ):
Հայաստան, որ մաս կը կազմէ Զ. խմբակին, իր յաջորդ մրցումը պիտի կատարէ Իսրայէլի դէմ, որ իր կարգին յաղթանակ մը արձանագրեց` 6-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Սկովտիան:
Նշենք, որ այս լուրը հաղորդեց ArmSport.am` օգտագործելով Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: