Եւրոպայի ֆութսալի 2016-ի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Հայաստանի ազգային հաւաքականը, որ մաս կը կազմէ Զ. խմբակին, երէկ 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Իսրայէլի հետ:
Հակառակ անոր որ Հայաստանի մրցակիցը 2-0 արդիւնքով կը յառաջանար, սակայն Հենրիկ Գրիգորեան եւ Դաւիթ Մուջեան փրկեցին կացութիւնը իրենց նշանակած կոլերուն շնորհիւ` յաջորդաբար 35-րդ եւ 38-րդ վայրկեաններուն:
Այժմ անոնք երկուքն ալ ունին 4-ական կէտ:
Հայաստանի վերջին մրցակիցը պիտի ըլլայ Սկովտիա, մինչ դաշտին տէրը` Շուէտ, պիտի մրցի Իսրայէլի դէմ: