Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ-ի Տղաքը Պարտութեամբ Սկսան Դարձի Մրցումները

Յունուար 17, 2015
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Երէկուան մրցումէն  PROFOTO
Երէկուան մրցումէն
PROFOTO

Երէկ երեկոյեան «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ ՀՄԸՄ-ի տղոց խումբը հիւրընկալեց Թրիփոլիի Մութթահետը:

Ինչպէս ծանօթ է, տարեշրջանի բացման մրցումին ՀՄԸՄ, որ իր առաջին մրցումը կատարած էր Մութթահետի դէմ, յաղթանակ մը արձանագրած էր Թրիփոլիի «Սաֆատի» մարզահամալիրին մէջ:

Սակայն այս անգամ հիւսիսային Լիբանանի խումբը ինք եղաւ յաղթական վերադարձողը Թրիփոլի` պատճառ դառնալով, որ ՀՄԸՄ-ի տղաքը պարտութեամբ սկսին դարձի մրցումները:

Մութթահետ տարաւ վերջնական յաղթանակը` 76-67 արդիւնքով (17-19, 31-34, 42-59 եւ 67-76):

Նախքան այս մրցումին ՀՄԸՄ-ի կողմէ կէտերը նշանակողներուն անունները տալը, կարելի է ըսել, որ ՀՄԸՄ նախ եւ առաջ եղաւ քիչ մը անբախտ, որովհետեւ մարզիկներուն կողմէ դէպի կողով ուղղուող գնդակները կը վրիպէին իրենց նպատակակէտէն:

Բացի ատկէ, ՀՄԸՄ-ի մարզիկները քիչ մը կ՛աճապարէին կէտեր նշանակերու իրենց առաքելութեան մէջ, ինչ որ պատճառ կը դառնար, որ կէտերու տարբերութիւնը հետզհետէ բարձրանայ` ի հեճուկս իրենց:

Կարելի է նշել նաեւ, որ որոշ չափով ալ ՀՄԸՄ-ի մարզիկները իրենց ներկայացումը կատարեցին քիչ մը ջղային, մինչ մրցակիցը աւելի հանդարտ էր եւ հանդարտութեամբ կը նշանակէր իր կէտերը:

Սակայն ամէնէն կարեւորը այս պարտութենէն դաս առնելն է եւ սխալը սրբագրելը, որպէսզի նոյնը չկրկնուի յառաջիկայ մրցումին եւ ՀՄԸՄ-ի հնգեակը շարունակէ յաղթանակներ նուիրել իր համակիրներուն, որոնք, ինչպէս միշտ, երէկ եւս մարզադաշտը ամբողջութեամբ լեցուցած էին եւ անընդհատ կը քաջալերէին իրենց կազմը` մինչեւ մրցումին աւարտը:

Իսկ ինչ կը վերաբերի ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն նշանակած կէտերուն, անոնք ներկայացուցին հետեւեալ պատկերը (նշուած են նաեւ մարզիկներուն դաշտ ներկայացած ժամանակը).

Մարիօ Ապպուտ (3′ 11″), Ռաշատ Մաքքանթց (35′ 20″, 17 կէտ, 6 ռիպաունտ), Սեւակ Քեթենճեան (24′ 11″, 8 կէտ, 1 ռիպաունտ), Մայքըլ Ֆրէյզըր (40′ 00″, 14 կէտ, 19 ռիպաունտ), Մարք Քորճեան (27′ 39″, 9 կէտ, 2 ռիպաունտ), Ճիմի Սալեմ (32′ 47″, 18 կէտ, 1 ռիպաունտ) եւ Ճօ Վոկըլ (36′ 48″, 1 կէտ, 5 ռիպաունտ):

Իսկ Մութթահետէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Տուարիք Սփենսըր (40′ 00″, 23 կէտ, 9 ռիպաունտ):

 

Նախորդը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը

Յաջորդը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Տպաւորիչ Մրցում Մը Ներկայացնելով Յաղթեց Խըյուլին (2-0)

RelatedPosts

«Չելենճ Քափ 2025».  ՀՄԸՄ-ի «Փորձ»-ի Մրցաշարքը
Մարզական

«Չելենճ Քափ 2025». ՀՄԸՄ-ի «Փորձ»-ի Մրցաշարքը

Հոկտեմբեր 13, 2025
Ծանրաբարձութիւն.  Վարազդատ Լալայեան` Աշխարհի Ախոյեան
Մարզական

Ծանրաբարձութիւն. Վարազդատ Լալայեան` Աշխարհի Ախոյեան

Հոկտեմբեր 13, 2025
2026-ի Մոնտիալի Զտում.  Մելիքեան. «Առիթներ Ունէինք Կէտեր Խլելու…»
Մարզական

2026-ի Մոնտիալի Զտում. Մելիքեան. «Առիթներ Ունէինք Կէտեր Խլելու…»

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?