Մարզական

Վոլքա 9-0 Արդիւնքով Յաղթական. Սարգիսով Կոլի Եւ Կոլի Փոխանցումի Հեղինակ

Ռուսիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգին մէջ հանդէս եկող Վոլքա Սոչիի մէջ աւարտեց իր ուսումնամարզական հաւաքը` մրցելով տեղւոյն Եուկ Սփոր ակումբին դէմ, կը յայտնէ ArmSport.am: Վոլքա 9 անպատասխան կոլ նշանակեց մրցակիցին բերդին մէջ: Անոր երրորդ կոլը հեռաւոր ուժգին հարուածով մը նշանակեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Արթուր Սարգիսով: Ան կատարեց նաեւ առաջին կոլին փոխանցումը: Սարգիսով եւ հայ միջնապահ Արթուր Մինոսեան խումբին հետ...

Հեծելարշաւ.  Մարզիչի Ա. Կարգի Դասընթացքը Ընթացք Առաւ

Հեծելարշաւ. Մարզիչի Ա. Կարգի Դասընթացքը Ընթացք Առաւ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէին, նախորդ շաբաթավերջին «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ ընթացք առաւ հեծելարշաւի մարզիչի Ա. կարգի դասընթացքը` մասնակցութեամբ 19 երկսեռ մասնակիցներու: Դասընթացքի բացման հանդիսութեան ներկայ էին Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ, ընդհանուր քարտուղար Հասսան Ռըսթոմ, Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեան, ֆետերասիոնի անդամներ Նազարէթ Հապիպեան, Ապտօ Նատեր, Քայսար Սալլում եւ ակումբներու ներկայացուցիչներ: Նշենք, որ...

ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ.  Շաբաթավերջի Մինի Ֆութպոլի  Եւ Պասքեթպոլի Մրցումներուն  Արդիւնքները

ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ. Շաբաթավերջի Մինի Ֆութպոլի Եւ Պասքեթպոլի Մրցումներուն Արդիւնքները

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին կազմակերպած պասքեթպոլի տարիքային մրցաշարքը սկսաւ կիրակի, 18 յունուար 2015-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ` խանդավառ մթնոլորտի մէջ: Արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները. 2000/2001/2002 Ս. Խաչ - Հարպոյեան - Ս. Ագնէս 45-7 Մրցումի լաւագոյն մարզիկ` Սերենա Հայէք (Ս. Խաչ-Հարպոյեան) 1999/2000 Թէքէեան - Ս. Խաչ-Հարպոյեան 30-65 Մրցումի լաւագոյն մարզիկ` Նարեկ Պասթրմաճեան (Ս. Խաչ-Հարպոյեան) 1997/1998...

Պասքեթպոլ. Ուսքով Հրապարակեց Հայաստանի Հաւաքականին Ընդլայնուած Կազմը

Հայաստանի 20 տարեկանէն վար պասքեթպոլի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Վիքթոր Ուսքով հրապարակեց հաւաքականին ընդլայնուած կազմը, որուն մաս կը կազմեն 18 մարզիկներ, յայտնեց Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին կայքը: Յառաջիկայ ամիսներուն հաւաքականին մարզիչն ու մարզական յանձնախումբը պիտի ընտրեն այն 12 մարզիկները, որոնք յուլիսին Հունգարիոյ մէջ պիտի մասնակցին 20 տարեկանէն վար Եւրոպայի ախոյեանութեան Բ. դասակարգի ախոյեանութեան: Կը նախատեսուի, որ յունիսին Հայաստանի 20 տարեկանէն վար հաւաքականը...

Թենիս. Աւստրալիոյ Կրան Շլեմի Մրցաշարք.  Աննա Իվանովիչ Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն

Թենիս. Աւստրալիոյ Կրան Շլեմի Մրցաշարք. Աննա Իվանովիչ Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն

Աննա Իվանովիչ Սվեթլանա Քուզնեցովա Երէկ` երկուշաբթի, 19 յունուարին սկսաւ տարուան առաջին թենիսի կրան շլեմի միջազգային մրցաշարքը` Աւստրալիոյ մէջ: Առաջին օրուան զոհը եղաւ 5-րդ դասուած սերպ Աննա Իվանովիչ, որ 1-6, 6-3 եւ 6-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Լիւսի Հրատեքայէն (Չեխիա): Մրցաշարքէն դուրս մնաց նաեւ Սվեթլանա Քուզնեցովա (Ռուսիա, 27-րդ), որ 6-4 եւ 6-2 արդիւնքով տեղի տուաւ ֆրանսացի Քարոլին Կարսիայի դիմաց: Ինչ կը...

Համահայկական Խաղեր. Մասնակցողներու Թիւի Իմաստով Նոր Մրցանիշ Մը Կրնայ Հաստատուիլ

Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէն կը շարունակէ այս տարի` 2-13 օգոստոսին Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Համահայկական 6-րդ խաղերուն կազմակերպման իր նախապատրաստութեան աշխատանքները, կը յայտնէ ArmSport.am: Համահայկական խաղերու ընդհանուր քարտուղար Բագրատ Պուռնազեան յայտնեց, որ ներկայիս կը շարունակուին մասնակցողներուն դիմումները, մինչ անոնց վերջնական թիւը ապրիլին յստակացած կ՛ըլլայ: Իր խօսքին մէջ Պուռնազեան ըսաւ. «Ներկայիս կը յստակացնենք աշխատանքները մարզական ֆետերասիոններուն, համայնքներուն եւ քաղաքներուն հետ: Ինչ...

Ֆութսալ.  Պէյրութի Դրամատունը 1-0 Արդիւնքով Գերազանցեց Մայատինը

Ֆութսալ. Պէյրութի Դրամատունը 1-0 Արդիւնքով Գերազանցեց Մայատինը

Լիբանանի ֆութսալի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի առաջին ճակատումին, որ տեղի ունեցաւ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ), Լիբանանի ախոյեան Պէյրութի դրամատունը 4-1 արդիւնքով (կիսախաղ` 2-1) յաղթանակ մը արձանագրելով 1-0 արդիւնքով գերազանցեց Մայատինը: Անոնց միջեւ երկրորդ ճակատումը տեղի պիտի ունենայ այսօր, երեկոյեան ժամը 17:00-ին, Սատի դաշտին վրայ, որ կը նկատուի Մայատինի դաշտը: Նշենք, որ հինգ մրցումէ երեք յաղթանակ արձանագրող...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր` Թատամոն – Հուփս

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Թատամոն – Հուփս

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 2-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, այսօր Թատամոն կը մրցի Հուփսի դէմ: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Ժունիէի Ֆուատ Շեհապի անուան մարզահամալիրին մէջ, պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 18:00-ին:  

2018-ի Մոնտիալ. Առաջին Անգամ Ըլլալով Զտումի Մրցումներուն Պիտի Մասնակցին ՖԻՖԱ-ի Անդամ Բոլոր Երկիրները

Ռուսիոյ մէջ տեղի ունենալիք 2018-ի Մոնտիալի զտումի մրցումներուն մասնակցող խումբերուն թիւին իմաստով մրցանիշ պիտի հաստատուի: Կազմակերպիչ երկրին պաշտօնական կայքը կը հաստատէ, որ Մոնտիալներու պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով 2018-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին պիտի մասնակցին ՖԻՖԱ-ի անդամ բոլոր երկիրները, ինչ որ պիտի ըլլայ նոր մրցանիշ մը` Մոնտիալներու պատմութեան մէջ: Զտումի մրցումներուն առաջին հանգրուանը պիտի սկսի Ասիայէն` 12 մարտին: Նշենք, որ Ռուսիա...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Պիպլոս Յաղթեց Թատամոնին` 79-72 Արդիւնքով

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 8-րդ եւ դարձի առաջին հանգրուանին ծիրին մէջ, շաբաթ, 17 յունուարին Ժիպէյլի մէջ Պիպլոս հիւրընկալեց Թատամոնը: Մրցումը աւարտեցաւ հիւրընկալ կազմին յաղթանակով` 79-72 արդիւնքով: Մրցումին եւ Պիպլոսի ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Մազեն Մնէյմնի (28 կէտ), մինչ անոր խմբակից Ճեսմըն Եանկպլատ` 20 կէտ: Իսկ Թատամոնէն Վլատան Վուքոսաւլիեվիչ նշանակեց 25 կէտ եւ 12 ռիպաունտ: Վերջինիս խմբակից Թերի Ռէյշոըն...

Աթլեթիզմ` Ժամհուրի Կազմակերպութեամբ.  Լորի Թաշճեան Տիրացաւ Մէկ Առաջնութեան Եւ Մէկ Երկրորդութեան

Աթլեթիզմ` Ժամհուրի Կազմակերպութեամբ. Լորի Թաշճեան Տիրացաւ Մէկ Առաջնութեան Եւ Մէկ Երկրորդութեան

Լորի Թաշճեան Կազմակերպութեամբ Ժամհուր ակումբին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթ երեք օրուան տեւողութեան վրայ տեղի ունեցան աթլեթիզմի մրցումներ` վերոնշեալ ակումբին մէջ: Այս մրցումներուն ներկայ գտնուեցան Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Էլի Սաատէ եւ ընդհանուր քարտուղար Նաամթալլա Պըժժանի: Աղջկանց 300 մեթր վազքի մրցումներուն Լորի Թաշճեան, որ մաս կը կազմէ Շանվիլ ակումբին, տիրացաւ առաջնութեան` արձանագրելով 46" 30 արդիւնք մը: Իսկ աղջկանց...

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Արդիւնքները. Չելսի Եւ Եուվենթուս Ամրապնդեցին Պարագլուխի Իրենց Դիրքերը

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, Անգլիոյ եւ Իտալիոյ պարագլուխի դիրքերուն վրայ գտնուող խումբերը, օգտուելով իրենց անմիջական մրցակիցներուն կրած պարտութենէն կամ հաւասարութենէն, անոնց միջեւ կէտերու տարբերութիւնը բարձրացուցին: Չելսի, որ 5-0 արդիւնքով ջախջախեց Սուանզին, այժմ 5 կէտի առաւելութիւն մը ունեցաւ Մանչեսթըր Սիթիի վրայ (2-րդ), որ իր դաշտին վրայ 2-0 արդիւնքով պարտուեցաւ Արսենալէն: Իր կարգին, Եուվենթուս ամրապնդեց իր...

Կռփամարտ. Ուլի Վեկներ Դժգոհ Է Արթուր Աբրահամի Մարզավիճակէն

Ինչպէս կը յայտնէ գերմանական «Պիլտ» պարբերաթերթը, WBO-ի վարկածով միջին կարգի աշխարհի ախոյեան Արթուր Աբրահամի եւ անոր մարզիչին` Ուլի Վեկների միջեւ տարակարծութիւններ ի յայտ եկած են: «Ես իրեն ըսի, որ 42 վայրկեանի մէջ 10 քմ վազէ, որմէ ետք հասկցայ, որ ան լաւ մարզավիճակի մէջ չէ», ըսաւ Վեկներ: Իսկ Աբրահամ ըսաւ. «Ատիկա բաւական դժուար եւ ծանր փորձ մըն էր ինծի համար, որմէ...

Արթուր Եուզպաշեան Փորձառական Շրջան Մը Կ՛անցընէ Մոլտովական Խումբի Մը Հետ

Արթուր Եուզպաշեան Փորձառական Շրջան Մը Կ՛անցընէ Մոլտովական Խումբի Մը Հետ

Նախորդ շաբաթավերջին Փիւնիկ Երեւանի յետսապահ Արթուր Եուզպաշեան մեկնեցաւ Մոլտովա` փորձառական շրջան մը անցընելու համար Թիրասփոլ ֆութպոլի խումբին հետ: ArmSport.am հաղորդեց, որ Մոլտովայի ֆութպոլի ախոյեանութեան մասնակցող վերոնշեալ ակումբը` Թիրասփոլ կը գրաւէ դասաւորման 5-րդ դիրքը: 25 տարեկան Եուզպաշեան Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին հետ ցարդ կատարած է 10 մրցում: Նշենք, որ ներկայիս Թիրասփոլի հետ հանդէս կու գայ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի թեկնածու Արթուր...

Արարատ Մեկնեցաւ Սոչի

Երէկ` կիրակի, 18 յունուարին, Արարատ մեկնեցաւ Սոչի, ուր մինչեւ 31 յունուար ուսումնամարզական հաւաք մը պիտի կատարէ: Ակումբին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ խումբը պիտի հանգրուանուի Վեսնա մարզահամալիրին մէջ եւ այդ ժամանակամիջոցին բարեկամական երկու մրցում պիտի կատարէ: Ռուսիոյ մէջ Արարատի պիտի միանան իրանցի ֆութպոլիստներ Սեյիտ Հիւսէյն Հիւսէյն, Ամիր Շեհայեպ եւ Սաման Աղազաման: Այս հաւաքին պիտի մասնակցի նաեւ Ֆրանսայէն հասած հայազգի 20 տարեկան...

Ֆութսալ. Հայաստանի Հաւաքականը Գրաւեց Զ. Խմբակին Առաջին Դիրքը

Նախորդ շաբաթավերջին Շուէտի մէջ աւարտեցան ֆութսալի Եւրոպայի 2015-ի ախոյեանութեան Զ. խմբակին զտումի մրցումները: Հայաստանի ազգային հաւաքականը, որ իր կատարած առաջին մրցումին 4-3 արդիւնքով յաղթեց դաշտին տիրոջ` Շուէտի, իսկ անկէ ետք հաւասարութիւն մը արձանագրեց Իսրայէլի հետ (2-2), երրորդ եւ վերջին մրցումին 6-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Սկովտիոյ, ապահովեց մրցաշարքի իր 7-րդ կէտը եւ գրաւելով այս խմբակին առաջին դիրքը անցաւ յաջորդ հանգրուան: Այսպիսով,...

Պասքեթպոլ.  Կրանտ Սփոր Կրեց Իր 4-րդ Յաջորդական Պարտութիւնը

Պասքեթպոլ. Կրանտ Սփոր Կրեց Իր 4-րդ Յաջորդական Պարտութիւնը

Նախորդ շաբաթ Ռուսիոյ Ս. Փեթերսպուրկ քաղաքին մէջ սկսան 2001-ի ծնունդ պատանիներու պասքեթպոլի «Եուրօ-լիկա»-ի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումները, որոնց իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Երեւանի կրանտ սփոր ակումբին խումբը` գլխաւորութեամբ Վարդան Խաչատրեանին: Իր կատարած նախորդ երեք մրցումներուն նման, կրանտ սփոր իր 4-րդ մրցումին եւս կրեց պարտութիւն մը, յայտնեց ArmSport.am:

Այս Տարեշրջանին Աւարտէն Ետք. Ռոյս Պիտի Հեռանայ Պորուսիա Տորթմունտէն

Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ «AS» կայքը կը հաղորդէ, որ Պորուսիա Տորթմունտի յառաջապահ Մարքօ Ռոյս այս տարեշրջանին աւարտէն ետք կը պատրաստուի հեռանալու իր ակումբէն: Աղբիւրին համաձայն, Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին մաս կազմող Ռոյս իր մտերիմներուն յայտնած է, որ յառաջիկայ տարեշրջանին ֆութպոլիստի իր ասպարէզը պիտի շարունակէ այլ ակումբի մը հետ` առանց նշելու իր նոր կազմին անունը: ArmSport.am կ՛աւելցնէ նշելով, որ աւելի...

Պիւֆոն Կը Փափաքի Մասնակցիլ 2018-ի Մոնտիալին

Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի բերդապահ Ճիանլուիճի Պիւֆոն (36 տարեկան) նշեց, որ կը փափաքի իր մասնակցութիւնը բերել 2018-ի Մոնտիալին, որ տեղի պիտի ունենայ Ռուսիոյ մէջ: «Եթէ մասնակցիմ 2018-ի Մոնտիալին, ապա պիտի հանդիսանամ առաջին բերդապահը, որ կը մասնակցի 6 մոնտիալներու: Ասիկա պիտի ըլլայ բացառիկ ցուցանիշ մը», անոր խօսքերը կը մէջբերէ ArmSport.am` վկայակոչելով transfermarkt.de կայքը: Պիւֆոն իր խօսքը կ՛եզրափակէ նշելով. «Դիմացս ունիմ երեք...

Այթա Շաապի Մէջ .  Լիբանանեան Բանակի Կեդրոնին Դէմ  Արցունքաբեր Ռումբեր Կ՛արձակուին

Այթա Շաապի Մէջ . Լիբանանեան Բանակի Կեդրոնին Դէմ Արցունքաբեր Ռումբեր Կ՛արձակուին

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտուեցաւ, որ Այթա Շաապի մէջ գտնուող բանակի կեդրոնին մօտեցած են չորս իսրայէլեան զրահապատներ, որոնց վրայ գտնուող իսրայէլացի զինուորները փշաթելերուն կողմը նետած են արցունքաբեր ռումբեր: Ռումբերուն արձակած մուխին եւ կազին պատճառով երեք բանակայիններու շունչը նեղացած է: ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու բանբեր Անտրէա Թինընթի յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը ՖԻՆԻՒԼ-ին իմացուցած է այդ դէպքին...

Page 1268 of 1274 1 … 1,267 1,268 1,269 … 1,274

Արխիւներ