Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այթա Շաապի Մէջ . Լիբանանեան Բանակի Կեդրոնին Դէմ Արցունքաբեր Ռումբեր Կ՛արձակուին

January 19, 2015
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

11815_ayta_shaabԼիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտուեցաւ, որ Այթա Շաապի մէջ գտնուող բանակի կեդրոնին մօտեցած են չորս իսրայէլեան զրահապատներ, որոնց վրայ գտնուող իսրայէլացի զինուորները փշաթելերուն կողմը նետած են արցունքաբեր ռումբեր: Ռումբերուն արձակած մուխին եւ կազին պատճառով երեք բանակայիններու շունչը նեղացած է:

ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու բանբեր Անտրէա Թինընթի յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը ՖԻՆԻՒԼ-ին իմացուցած է այդ դէպքին մասին` աւելցնելով, որ միջազգային խաղաղապահ ուժերը փութացած են դէպքին վայրը եւ հետաքննութիւն բացած այդ մասին:

Բանակի հրամանատարութիւնը նաեւ հրապարակեց այլ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ բանակը երէկ Ուատի Հմայտի մէջ (Արսալ) ձերբակալած է Մոհամետ Ժիհատ Ղատտարան, որ լիբանանեան բանակին դէմ ահաբեկչութիւններ գործած է:

Բանակը Հարեթ Հըրէյքի մէջ ձերբակալած է Մոհամետ Ալի Շքըրը` ահաբեկչութիւններ գործելու յանցանքով:

Սապրայի մէջ բանակը ձերբակալած է Ահմետ Մուսթաֆա Քահուաժին, որ դարձեալ ամբաստանուած է ահաբեկչական արարքներ գործելու յանցանքով:

Միւս կողմէ, Թըպպանէի մէջ երէկ առաւօտեան բանակի զրահապատներէն մէկուն վրայ ձեռնառումբ մը նետուած է: Պայթումը պատճառած է չորս վիրաւոր, որոնցմէ երկուքը` բանակայիններ, իսկ միւս երկուքը` քաղաքացիներ:

Յետմիջօրէին բանակը Թըպպանէի Ժիհատ թաղամասին մէջ կատարած է ներխուժումներ եւ ձերբակալած մեծ թիւով յանցագործներ:

 

Նախորդը

Ռայի Պատրիարքը Ցաւակցութեան Նպատակով Ուղղուեցաւ Ժապալ Մըհսեն

Յաջորդը

Վարչապետ Թամմամ Սալամ Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

RelatedPosts

Նշմար.  Ֆութպոլը Եւ Թուաբանական Հաշիւները
Մարզական

Նշմար. Ֆութպոլը Եւ Թուաբանական Հաշիւները

February 25, 2026
Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պէյրութի Աղջկանց Խումբը Կը Հասնի Բ. Հանգրուան
Մարզական

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պէյրութի Աղջկանց Խումբը Կը Հասնի Բ. Հանգրուան

February 25, 2026
Փինկ Փոնկ.  Տարուան Առաջին Մրցաշարքերը
Մարզական

Փինկ Փոնկ. Տարուան Առաջին Մրցաշարքերը

February 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.