Երէկ` կիրակի, 18 յունուարին, Արարատ մեկնեցաւ Սոչի, ուր մինչեւ 31 յունուար ուսումնամարզական հաւաք մը պիտի կատարէ:
Ակումբին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ խումբը պիտի հանգրուանուի Վեսնա մարզահամալիրին մէջ եւ այդ ժամանակամիջոցին բարեկամական երկու մրցում պիտի կատարէ:
Ռուսիոյ մէջ Արարատի պիտի միանան իրանցի ֆութպոլիստներ Սեյիտ Հիւսէյն Հիւսէյն, Ամիր Շեհայեպ եւ Սաման Աղազաման: Այս հաւաքին պիտի մասնակցի նաեւ Ֆրանսայէն հասած հայազգի 20 տարեկան միջնապահ Րաֆֆի Քայա, որ պիտի շարունակէ իր փորձառական շրջանը անցընել երեւանեան կազմին հետ:
Յետսապահ Սիւլէյման Քոնէ (Փղոսկրեայ Ափունք) անցագիրի վերաբերող հարցի մը պատճառով չմեկնեցաւ Սոչի, իր լուրը կ՛եզրափակէ ArmSport.am: