
Կազմակերպութեամբ Ժամհուր ակումբին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթ երեք օրուան տեւողութեան վրայ տեղի ունեցան աթլեթիզմի մրցումներ` վերոնշեալ ակումբին մէջ:
Այս մրցումներուն ներկայ գտնուեցան Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Էլի Սաատէ եւ ընդհանուր քարտուղար Նաամթալլա Պըժժանի:
Աղջկանց 300 մեթր վազքի մրցումներուն Լորի Թաշճեան, որ մաս կը կազմէ Շանվիլ ակումբին, տիրացաւ առաջնութեան` արձանագրելով 46″ 30 արդիւնք մը:
Իսկ աղջկանց 150 մեթր վազքին մէջ ան 21″ 61 արդիւնք մը արձանագրելով հանդիսացաւ երկրորդ: